«Արի Տուն»-2016. Քու Տաղանդէդ, Շնորհներէդ Ափ Մը Վերադարձուր Հայրենիքիդ
Երեւանի Եղիշէ Չարենցի անուան թիւ 67 դպրոցին մէջ Յուլիս 11-ին աւարտեցին «Արի տուն» ծրագիրի երրորդ փուլի հայոց լեզուի հնգօրեայ դասընթացիներու իրականացումը: Ուքրանիայէն, Ռուսաստանէն եւ Լեհաստանէն ժամանած երեխաները ամփոփելով հնգօրեայ իրենց ձեռքբերումները` ներկայացուցին գրական-երաժշտական փոքրիկ ցերեկոյթ (ուսուցչուհի` Անի Խալաթեան):
«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` մասնակիցները մեծ գորովանքով իրենց շրթունքներէն արտաբերեցին Տէրունական աղօթքը, ՀՀ պետական օրհներգը` «Մեր Հայրենիք»-ը, հանդէս եկան հայրենիքին եւ մայրերուն նուիրուած բանաստեղծութիւններով (Եղիշէ Չարենց, Պարոյր Սեւակ, Յովհ. Շիրազ), ազգային երգ ու պարով:
Ծրագիրի մասնակիցներու հոգիին մէջ նոր սէր արթնցաւ դէպի մայրենին, հայ գիրն ու գրականութիւնը: Երեխաները նորովի ծանօթացան հայ մեծերու կեանքին, հայ ժողովուրդի պատմութեան ու մշակոյթի պանծալի էջերուն, ուսումնասիրեցին լեզուական քանի մը իրողութիւններ: