Երիտասարդական Հաւաքի Մասնակիցները Հիւրընկալուեցան «Այբ» Դպրոցին Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/07/134.jpg)
Յուլիս 12-ին «Հայաստան. ստեղծենք միասին» առաջին երիտասարդական հաւաքի «Ճարտարագիտութիւն եւ նոր արուեստաբանութիւններ» աշխատանքային խումբի անդամները այցելեցին «Այբ» դպրոց:
Երիտասարդներուն ողջունեց «Այբ» դպրոցի տնօրէն, «ABBYY» ընկերութեան փոխնախագահ Արամ Փախչանեան: Ան ներկայացուց դպրոցի ծրագիրները, յառաջիկայ ընելիքները: «Այբ» դպրոցի տնօրէնը նշեց, որ շատ մեծ յոյսեր կը կապէ երիտասարդներուն հետ: «Վերջապէս մեկնարկած է շատ սպասուած ծրագիրը եւ ժամանակն է գործի անցնելու, իրականացնելու ապագային, Հայաստանի հզօրացման միտուած ծրագիրները»:
Հաւաքի մասնակիցները յագեցած ու արդիւնաւէտ օր անցուցին դպրոցին մէջ, դասախօսութիւններ լսեցին, քննարկումներու մասնակցեցան, այցելեցին փորձարարական աշխատանոց, ուր աշակերտները իրականութիւն կը դարձնեն ամենաանհաւանական, հետաքրքիր գաղափարները :
Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի (ՀԱՀ) փրոֆէսոր, նոյն համալսարանի Ճարտարագիտութեան բաժանմունքի տնօրէն Արամ Հաճեան դասախօսութիւնը շարունակեց աշխոյժ խմբային աշխատանքով: Իրենց մասին տեղեկութիւններու իւրօրինակ փոխանակումէն, հարց ու պատասխանէն յետոյ երիտասարդները աւելի լաւ ճանչցան զիրար, ծաւալեցաւ աշխոյժ ու անբռնազբօս քննարկում-բանավէճ:
Իր մեկնարկային ծրագիրը տեսաշարով ներկայացուց «Armdatalab»-ի հիմնադիր, Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի հրաւիրեալ դասախօս Արթուր Խալաթեան: Ան հանգամանօրէն ծանօթացուց ծրագիրէն օգտուելու կանոնները, ներկայացուց ծրագիրի հնարաւորութիւններն ու նպատակը: Զեկուցողը նշեց, որ ծրագիրը նոր սերունդը կրթելու, գիտութիւնը զարգացման նոր հանգրուանի բերելու բացառիկ հնարաւորութիւն կու տայ: «Յոյսով եմ, մէկ տարի յետոյ, երբ դուք վերադառնաք ու կրկին հանդիպինք, հպարտութեամբ կը պատմէք ձեր յաջողութիւններուն մասին»:
«Զբօսաշրութիւն եւ տեղեկատուուական արուեստաբանութիւններ» վերնագիրով զեկուցում ներկայացուց «Idea» հիմնադրամի զբօսաշրջութեան ծրագիրներու ղեկավար Արմինէ Իսրայէլեան:
Հետաքրքիր տեսանիւթեր ու թարմ գաղափարներ ներկայացուց «Trianda Studio»-ի հիմնադիր Արա Աղամեան:
Հետաքրքիր ծրագիրներով հանդէս եկաւ նաեւ «Kolba Lab-UNDP»-ի ներկայացուցիչ Մարինա Մխիթարեան: