Մենք Ծնած Ենք Վրաստան, Բայց Եկած Ենք Հայաստան, Ու Պիտի Երթանք Արցախ….

Յուլիս 11-ին Երեւանի Եղիշէ Չարենցի անուան հ.67 հիմնական դպրոցին մէջ աւարտեցին «Արի տուն» ծրագիրի երրորդ փուլի հայոց լեզուի  հնգօրեայ դասընթացները, որոնք նուիրուած էին ՀՀ անկախութեան 25-ամեակին:  Իւրաքանչիւր ուսուցիչ իր դասասենեակին մէջ ամրակայեց եւ ամփոփեց հաղորդած նիւթը` ըսելիքը համեմելով ազգային երգ ու պարով: Երեխաները, ազգային ոգով տոգորուած, հրաժեշտ տուին ուսուցիչներուն:

Նոյն օրը տեղի ունեցաւ նաեւ սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» ծրագիրի երրորդ փուլի մասնակիցներու` Թիֆլիս ապրող հայ երեխաներուն կողմէ պատրաստուած գրական-երաժշտական ցերեկոյթը` կրկին նուիրուած ՀՀ անկախութեան 25 ամեակին (ուսուցչուհի` Մարիամ Սարգսեան):

Մասնակիցները մեծ խանդավառութեամբ երգեցին ազգային-հայրենասիրական երգեր, հանդէս եկան գեղեցիկ պարով, բեմադրեցին հեքիաթ ՀՀ Եռագոյնի մասին, արտասանեցին Է.Չարենցի եւ Պ.Սեւակի բանաստեղծութիւններէն: Անոնք մէկ անգամ եւս հաւաստեցին, որ Հայրենիքը ոչ միայն Հայաստանի մէջ է, այլեւ անոր սահմաններէն դուրս,որ Հայրենիք կայ նաեւ այնտեղ, ուր կը ծածանի մեր Եռագոյնը:

Ցերեկոյթը աւարտեց հետեւեալ խօսքերով`
«Մենք ծնած ենք Վրաստան,
բայց եկած ենք Հայաստան
ու պիտի երթանք Արցախ….»:

Նշենք, որ «Արի տուն» ծրագիրի բոլոր փուլերուն հայոց լեզուի դասընթացները տեղի կ’ունենան  Երեւանի Եղիշէ Չարենցի անուան հ.67 հիմնական դպրոցին մէջ: Ուսուցիչներն են` Շողիկ Փահլեւանեան, Լուսինէ Համբարեան, Անի Խալաթեան, Լուսինէ Հայրիյեան, Գայեանէ Բարսեղեան, Մարիամ Սարգսեան, Այտա Օհանեան, Սերա Շահինեան:

23 45 67 8 9

Scroll Up