Հալէպի Զոհերուն թիւը հասաւ 30-ի

Երէկ առաւօտեան վաղ ժամերէն զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ, խախտելով զինադադարը, հրթիռակոծել սկսան Հալէպի զանազան թաղամասերը։ Առաւօտեան ժամը 6:30-ին հրթիռ մը ինկաւ Ազիզիէ շրջանին մէջ, այնուհետեւ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ հրթիռակոծեցին Հալէպի պետական համալսարանի հանրակացարանի հրապարակը, Ֆըրքան, Մաշարքա, Շէհպէէ Ռոզ, Մերիտիէն, Նոր Գիւղ շրջանները։ Այս մասին Հայերն այսօրին կը յայտնէ Գանձասարի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան:

Ներկայ տուեալներով արձանագրուած է 30 զոհ, 100 վիրաւոր, որոնց մեծամասնութիւնը երեխաներ են։ Վիրաւորները փոխադրուած են Ալ Ռազի հիւանդանոց։

13600108_882924451809582_8675167008753857343_n13627085_882924481809579_5701004259816406763_n

Scroll Up