ՌՈՒՍՏԱՄ ՌԱԶԱ՝ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԱԶԱՏԱՄԱՐՏԻԿ

Նափոլէոնի մամլուք (թիկնապահ) Ռուստամ Ռազայի յիշատակը այս տարի եւս նշուեցաւ Փարիզեան շրջանի մօտակայ քաղաքներէն Տուրտանի գերեզմանատան մէջ, ուր կը գտնուի իր շիրիմը:

2007էն ի վեր Ֆրանսահայ նախկին ռազմիկներու միութեան կողմէ կազմակերպուող այս արարողութեան այս տարի ներկայ էին շուրջ 100 հոգի: Հոն էին ֆրանսահայ նախկին ռազմիկներ՝ իրենց դրօշներով, որոնց մէջ «Մանուշեան»ի խումբէն՝ 96ամեայ Արսէն Չաքարեան, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանատան նորանշանակ զինուորական կցորդ՝ Գարեգին Մարգարեան, ինչպէս նաեւ այս տարի առաջին անգամ ըլլալով՝ «Նափոլէոնեան յիշատակ»ի ֆրանսական միութեան անունով՝ Ժագ Մասէ:

Հինգշաբթի՝ Հոկտեմբեր 3, ժամը 11ին, Ռուստամի շիրիմին առջեւ սկսաւ արարողութիւնը: Ճառեր արտասանեցին՝ Տուրտանի քաղաքապետ Օլիվիէ Լըկուա, որ յայտարարեց, թէ գալ տարի գերեզմանատան մուտքին պիտի զետեղուի Ռուստամի յուշարձանը, Ֆրանսահայ նախկին ռազմիկներու միութեան նախագահ Անթուան Պաղտիկեան, որ շեշտեց Ռուստամ Ռազայի (բուն ազգանունով՝ Խաչատուրեան) անգնահատելի կարեւորութիւնը Ֆրանսահայութեան եւ ի մասնաւորի՝ Ֆրանսահայ նախկին ռազմիկներու միութեան համար, որ զինք կ՚ընդունի իբր առաջին հայ ռազմիկը որ պատերազմած է Ֆրանսայի դրօշի ներքոյ 1799էն ի վեր։ Յիշեցուց Ռուստամ հերոսի այժմէականութիւնը, որ ծառայելէ ետք Նափոլէնի, վերադարձած է Թիֆլիս, միանալով՝ զօրավար Մատաթովի բանակին, պատերազմած է Ղարաբաղի անկախութեան համար:

Ծաղկեպսակներու զետեղումէն ետք, նախ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Շաւիլի եկեղեցւոյ հովիւ Գուրգէն Վրդ. Աղապապեանի կողմէ :

Այս տարի քաղաքապետը առաջին անգամ ըլլալով ներկաները հրաւիրեց քաղաքապետարան, Ռուստամի յիշատակին բաժակ բարձրացնելու, որմէ ետք ցերեկոյթը շարունակուեցաւ տեղւոյն գողտրիկ ճաշարաններէն մէկուն մէջ, առիթ ընծայելով Ռուստամ Ռազայի անձին եւ հայֆրանսական կապերուն անոր ներդրումին անդրադառնալու: Հոն խօսք առաւ նաեւ Լուսինեաններու գերդաստանի ներկայացուցիչ մը: Ընթերցուեցան Ռուստամի նուիրուած հրատարակութիւններէ խորհրդանշական էջեր՝ հետաքրքրական մանրամասնութիւններով:

 «Նոր Յառաջ» 

 

Scroll Up