Սփիւռքահայ Երիտասարդ Առաջնորդները Այցելեցին «Դէպի Հայք» Հիմնադրամ

Յուլիս 7-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրի Երիտասարդ առաջնորդները եւ համայնքային գործի կազմակերպիչներ» դասընթացքի մասնակիցները այցելեցին «Դէպի Հայք» հիմնադրամ, ուր հանդիպեցան հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Սեւան Գապաքեանի եւ «Վերադարձ Հայաստան» հիմնադրամի տնօրէն Վարդան Մարաշլեանի հետ:

Հանդիպման սկիզբը Սեւան Գապաքեան ողջունեց սփիւռքահայ երիտասարդներու այցելութիւնը Հայաստան, ապա, ներկայացնելով «Դէպի Հայք» հիմնադրամի ստեղծման պատմութիւնն ու գործունէութիւնը, հետեւեալը ըսաւ. «Հիմնելով այս հիմնադրամը` բոլորիս նպատակն էր ամրապնդել Հայաստանի եւ Սփիւռքի երիտասարդներու միջեւ կապերը, ցոյց տալ անոնց Հայաստանի պատմամշակութային վայրերը, կամաւորական աշխատանքի միջոցով նպաստել Հայաստանի զարգացման` բարձրացնելով Սփիւռքահայ երիտասարդներու ազգային ինքնագիտակցութիւնը»:

Սեւան Գապաքեան ընդգծեց, որ «Դէպի Հայքը» բաց ծրագիր է, որուն կրնան մասնակցիլ 20-32 տարեկան սփիւռքահայ երիտասարդներ: Ծրագիրի տեւողութիւնը 9 շաբաթէն մինչեւ մէկ տարի է: Ներկայացնելով ծրագիրի ծիրէն ներս իրականացուող կամաւորական աշխատանքները` Սեւան Գապաքեան շեշտեց, որ կազմակերպութիւնը ամէն ջանք կը գործադրէ, որպէսզի կամաւորի փորձառութիւնը Հայաստանի մէջ նպատակային  ըլլայ:

«Վերադարձ Հայաստան» հիմնադրամի տնօրէն Վարդան Մարաշլեանի խօսքով նմանօրինակ հանդիպումները սփիւռքահայ երիտասարդներուն կ’ոգեշնչեն համայնքներէն ներս հայապանպանական տարբեր ծրագիրներ իրականացնելու եւ, որն ամենակարեւորն է` պահպանելու սեփական ինքնութիւնը:

Հանդիպման ներկայ էին նաեւ «Հայ կամաւորներու  միութիւն» կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Թանիա Շիշանեան եւ «Հայաստանի ֆուլեր տնաշինական կեդրոն»  բարեգործական հասարակական կազմակերպութեան պաշարներու զարգացման ղեկավար Ռուզաննա Սաքանեան: Անոնք եւս երիտասարդներուն ներկայացուցին իրենց կազմակերպութիւններու իրականացուցած աշխատանքը, նպատակներն ու հանդէս եկան գործնական խորհուրդներով:

«Դէպի Հայք» ծրագիրի մասնակիցներէն Մանէ Յակոբեան (Ս. Փեթերսպուրկ), Անահիտ Խալաթեան (Մոսկուա), Մարալ Մանուկեան (Սիտնէյ) եւ Տիգրան Խոտանեան (ԱՄՆ) երիտասարդ առաջնորդներուն պատմեցին ծրագիրէն ստացած տպաւորութիւններուն մասին, ապա յորդորեցին անոնց յաճախ Հայաստան գալ ` չմոռնալու համար իրենց արմատները:

12 5 4

Scroll Up