«Սփիւռք» Ամառնային Դպրոց-2017. Նախադպրոցական Եւ Տարրական Դպրոցներու Ուսուցիչներու Երկրորդ Օրը Ամառնային Դպրոցին ՄԷջ

Պատասխանատու գործ է օտար երկրի մէջ հայ երեխան կրթելը, գրաճանաչ դարձնելը: Այս նուիրական գործի պատասխանատուները` սփիւռքահայ ուսուցիչները, «Սփիւռք» ամառնային դպրոց եկած են հենց այդ նպատակով:

Դասընթացքի ղեկավար Արմինէ Աշիկեան ուսուցիչներուն հետ հանդիպման օրը ծանօթացաւ վերջիններուս հետ,  ներկայացուց դասընթացքի հիմնական նպատակը, ծրագիրներն ու յառաջիկայ նախագիծերը:  Ստացած գիտելիքները մասնակիցները հնարաւորութիւն կ’ունենան կիրառելու գործնական դաշտին մէջ` սեփական նախաձեռնութեամբ եւ կամաւորներու օգնութեամբ: Դասընթացքի աւարտին մասնակիցները կը ներկայացնեն լուսապատկերային շնորհանդէսներ` նախապէս ընտրուած թեմաներով`  5-8 վայրկեան տեւողութեամբ:

Յուլիս 4-ին նախադպրոցական եւ տարրական դասարաններու ուսուցիչներուն հետ դասը իրականացուց Լեւոն Շանթի թիւ 4 հիմնական դպրոցի տարրական դասարաններու մեթոտաբանութեան նախագահ Գայեանէ Անանեան: Ան անդրադարձաւ  տարրական,  միջին եւ աւագ դպրոցներու կրթական չափորոշիչներու, 4-րդ դասարանի աւարտական քննութիւններուն, կրթական ծրագիրներու մատչելիութեան, համապատասխան դասագիրքերու բովանդակութեան հարցերուն: Սփիւռքահայ ուսուցիչները ստացան իրենց յուզող հարցերու պատասխանները,  հանդէս  եկան բազմաթիւ առաջարկութիւններով: Գ. Անանեան  ներկայացուց նաեւ իր մշակած մեթոտները` նշելով, որ երեխան պէտք է սորվի, աշխատի, ստեղծագործէ ազատ պայմաններու մէջ:

Խօսուեցաւ նաեւ գնահատման համակարգի մասին, համեմատութիւններ տարուեցան սփիւռքի եւ հայկական կրթահամակարգի, ուսուցման, գնահատականներու եւ ամենակարեւորը` լեզուի  խնդրի  մասին: Հնարաւորութեան պարագային  ցանկութիւն յառաջացաւ  իրականացնել  փորձի փոխանակում:

Յաջորդ դասը վարեց Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի մայրենիի եւ տարրական ուսուցման մեթոտիկայի ամպիոնի  փրոֆէսոր Ջուլիետա Գիւլամիրեան, որ ներկայացուց գրաճանաչութեան ամենատարածուած` վերլուծական-համադրական հնչիւնային մեթոտի մասին: Դասի ընթացքին անդրադարձան արեւմտահայերէնի հնչիւնական համակարգին` զուգահեռաբար յիշատակութիւններ ընելով արեւելահայերէնէն:

Օրը  ամփոփուեցաւ  դասընթացքի ղեկավար Արմինէ Աշիկեանի` մանկավարժութեան տեսութեան ժամանակակից հիմնախնդիրներու մասին դասախօսութեամբ:

Նիւթի հեղինակ` ՍԱԴ կամաւոր Անուշիկ Եոլչինեան

 

Scroll Up