ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Գաւառի Պետական Համալսարանին ՄԷջ Մասնակցեցաւ Աւարտական Վկայականներու Յանձնման Հանդիսաւոր Արարողութեան

Յուլիս 5-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Գաւառի պետական համալսարանին մէջ  մասնակցեցաւ աւարտական վկայականներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութեան, որուն ներկայ էին ՀՀ ՊՆ երկրորդ բանակային բաժինի հրամանատար, զօրավար Պօղոս Պօղոսեան, Գեղարքունեաց թեմի առաջնորդական տեղապահ Կիրակոս վարդապետ Դաւթեան:

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շնորհաւորեց բոլորը ՀՀ սահմանադրութեան օրուան առթիւ` յղում ընելով Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապի խօսքը առ այն, որ հայ ժողովուրդը ունի նաեւ հոգեւոր Սահմանադրութիւն` ի դէմս տիեզերական վարդապետ Գրիգոր Նարեկացիի  «Մատեան ողբերգութեան»:

Այնուհետեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարը Խոհագրութիւններու մրցոյթին առաջին տեղը գրաւած ԳՊՀ հեռակայ ուսուցման բաժանմունքի իրաւագիտութեան բաժինի ուսանող, Մեծ Մասրիկի դպրոցի տնօրէն, ՀՀ նախագահին կից հանրային խորհուրդի անդամ  Ատոմ Յակոբեանին  յանձնեց պատուոգիր եւ վկայագիրներ` ԳՊՀ Բանասիրական եւ տնտեսագիտական բաժանմունքներու շրջանաւարտներուն:

Գաւառի պետական համալսարանը կեանք ճանապարհեց 441 շրջանաւարտի, որոնցմէ 126-ը կարմիր վկայականներով :

34 56 7 9

Scroll Up