Չինաստանի ՄԷջ Մեկնարկած Է Սեւատա Գրիգորեանի «Դէպի Լոյս» Խորագիրով Անհատական Ցուցահանդէսը

Չինաստանի Նանճինկ քաղաքին մէջ մեկնարկած է հայ նկարիչ Սեւատա Գրիգորեանի «Դէպի լոյս» խորագիրով անհատական ցուցահանդէսը: Սեւատա Գրիգորեան կ’ապրի եւ կը ստեղծագործէ Չինաստանի մէջ: Ցուցահանդէսին նկարիչը կը ներկայացնէ իր «Չինական շարքը», որուն միջոցով կը ներկայացնէ Չինաստանի մշակոյթէն ստացած իր տպաւորութիւնները: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ը կը տեղեկանայ chinastan.org կայք էջէն:
Ցուցահանդէսը մեծ հետաքրքրութիւն կ’առաջացնէ, թէ՛ չինացի, թէ՛ այլազգի արուեստասէրներուն մօտ:
Նկարիչի գունանկար աշխատանքներուն մէջ մեծ տեղ կը զբաղեցնեն ընտանիքի, սիրոյ եւ խաղաղութեան թեմաները: Ուշագրաւ է նաեւ նկարիչի գծանկարչական շարքը գիրքի թերթերուն վրայ:
Ցուցահանդէսի ամբողջ ընթացքին կը հնչեն Կոմիտաս Վարդապետի ստեղծագործութիւնները: