Ռումանիոյ Հայոց Միութեան 7-րդ Ազգային Համաժողովի Աշխատանքները

Յուլիս 2-ին Պուխարեստի մէջ տեղի ունեցաւ Ռումանիոյ Հայոց Միութեան 7-րդ Ազգային համաժողովը: Համաժողովի աշխատանքներուն մասնակցեցան Պուխարեստի  եւ ՌՀՄ 14 մասնաճիւղերու 120 պատուիրակներ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը  յայտնեն ՌՀՄ մամլոյ գրասենեակէն:

Հայաստանի եւ Ռումանիոյ Ազգային օրհներգներու կատարումէն ետք ելոյթ ունեցաւ Ռումանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան պրն. Համլէտ Գասպարեան: Իր խօսքին մէջ յարգարժան դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց եւ ընդգծեց ՌՀՄ-ի վերջին  չորս տարիներուն ունեցած կարեւոր գործունէութիւնը, որ մեծապէս նպաստած է Ռումանիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու առաւել սերտացման: Պարոն Գասպարեան շեշտեց, որ ՌՀՄ-ը այս տարիներուն կարեւոր լումայ  ներդրած է ազգային ինքնութեան պահպանման գործին մէջ եւ միաժամանակ կարեւոր համարեց ՌՀՄ ներկայացուցիչներու, մասնաւորապէս ՌՀՄ նախագահ Վարուժան Ոսկանեանի եւ փոխնախագահ Վարուժան Փամպուկչեանի խաղցած նշանակալի դերը` հայերու ունեցած բարձր նկարագիրին համար ոչ միայն Ռումանիոյ, այլեւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ:

   Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ պարոն Վարուժան Ոսկանեան, որ իր բացման խօսքէն ետք  ներկաներուն խնդրեց  մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգել վերջին 25 տարիներուն ընթացքին վախճանած բոլոր այն հայերուն յիշատակը, որոնք իրենց գործունէութեամբ մեծ նպաստ բերած են Հայոց միութեան հեղինակութեան բարձրացման: (Ապա ընթերցուեցաւ Լոս Անճելըսի «Րաֆֆի» հայկական կազմակերպութեան նախագահ պարոն Արա Եղիկեանի ուղերձը` ուղղուած համաժողովի մասնակիցներուն):

 Այնուհետեւ ներկայացուեցաւ ՌՀՄ վերջին  հինգ տարիներու գործունէութեան հաշուետուութիւնը, որուն մէջ ընդգծուեցաւ մասնաճիւղերու խաղցած դերը` յատկապէս մշակութային ոլորտին մէջ, ինչպէս Փաքըուի, Քլուժի, Գեռլայի մասնաճուղերը, որ միշտ ալ աչքի  ինկած են իրենց փայլուն կազմակերպուածութեամբ եւ ոչ միայն համայնքէն ներս: Վերջին տարիները Հայոց միութեան մէջ ստեղծուած են նոր մասնաճիւղեր  Ռոմանի, Փայա-Մարէի մէջ, քանի որ այս քաղաքներու ներկայացուցիչները  եղած են աւելի գործուն` տեղական ձեռնարկներ  կազմակերպելու հարցով:

Հաշուետուութեան մէջ ներկայացուեցաւ նաեւ կազմակերպուած մեծ նախագիծեր, ինչպէս օրինակ`  հայկական փողոցի փառատօնը, որ վերջին տարիները դարձած է նաեւ Պուխարեստի մշակութային գործունէութեան գլխաւոր առանցքը: Այս փառատօնին մասնակցած են ոչ միայն հրաւիրեալներ Հայաստանէն, այլեւ Ռումանիոյ ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներ: Պարոն Ոսկանեան նշեց նաեւ համայնքի երիտասարդութեան ունեցած կարեւոր դերը փառատօնի կազմակերպման գործին մէջ: Ան յիշեցուց, որ այս աշնան, Ռումանիոյ մշակոյթի նախարարութեան եւ Հայաստանի հետ համագործակցութեամբ` Ռումանիոյ ազգային պատմութեան  թանգարանին հետ համատեղ պիտի կազմակերպուի  մեծ ցուցահանդէս մը` կապուած ռումանական տարածքին մէջ հայերուն պատմութեան հետ:

Իր գործունէութեան ընթացքին Հայոց միութիւնը մշտապէս եղած է  Հայոց եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոսութեան կողքին` իրագործելու կրօնական բնոյթի տարբեր ձեռնարկներ, աջակցած է անոր բոլոր գործողութիւններուն, ինչպէս օրինակ` Ամենայն Հայոց  Գարեգին Բ.Կաթողիկոսի այցելութիւնը Ռումանիա (2012թ.):

Համայնքի  շարք մը ներկայացուցիչներ իրենց գործունէութեան եւ հայկական ինքնութիւնը պահպանելու համար, որպէս երախտիքի նշան` Հայաստանի կողմէ պարգեւատրուած են մետալներով եւ արժանացած  վկայագիրներու: Ապա պարոն Ոսկանեան կարդաց մշակոյթի, գիտութեան, գրականութեան ոլորտին մէջ ունեցած ներդրումներուն համար պարգեւատրուած անձնաւորութիւններու ցուցակը:

Այնուհետեւ, Ռումանիոյ մէջ Ազգային փոքրամասնութիւններու ղեկավար, պատգամաւոր Վարուժան Փամպուքչեան ներկայացուց Ռումանիոյ խորհրդարանէն ներս իր ունեցած գործունէութիւնը, ընդգծելով, որ ինք յաջողած է տարբեր խնդիրներ լուծել` լաւ յարաբերութիւններու մէջ ըլլալով ազգային խումբերու ներկայացուցիչներուն հետ: Ան իր խօսքին մէջ ընդգծեց նաեւ հայ երիտասարդութեան ունեցած կարեւոր դերը վաղուան հայ համայնքի ամրապնդման համար: «Եթէ այս համայնքի պատմութեան մէջ ունեցած ենք Ռումանիա ժամանած քանի մը հայ ալիքներու հոսք, ուրեմն պարտաւոր ենք պահպանել ու ամրապնդել այն, իսկ յաջորդող նոր ալիքները պէտք է շարունակեն նախնիներու գործը»,-աւելցուց պարոն Փամպուքչեան:

Ապա յաջորդեց Ռումանիոյ հայոց միութեան նոր Կանոնադրութեան հաստատումը` առաջարկուած  շարք մը փոփոխութիւններէն ետք: Օրակարգի վերջին կէտը եղաւ նոր ղեկավարութեան ընտրութիւնը:

ՌՀՄ նախագահի պաշտօնին միակ առաջադրուած թեկնածուն Վարուժան Ոսկանեանն էր եւ ան ալ կրկին վերընտրուեցաւ:

ՌՀՄ-ի կողմէ Վարուժան Փամպուքչեանի թեկնածութիւնը վերահաստատուեցաւ ներկայացնել  Նոյեմբերին կայանալիք խորհրդարանական  ընտրութիւններուն:

Յանձնաժողովի ղեկավարութիւնը կազմուեցաւ 37 անդամներէ, որոնք կը  ներկայացնեն 14 մասնաճիւղերը` (Պիթեշփ, Կոնստանցա, Թուլչա, Փրըիլա-Քալաց,Ֆոքշան, Փաքըու,Ռոման, Սուչաւա,Եաշ, Փոթոշան, Փայա-Մար», Գեռլա, Քլուժ, Թումփրըւեն) եւ Պուխարեստ մայրաքաղաքը:

ՌՀՄ Համաժողովը վերահաստատեց հայերու ցանկութիւնը` շարունակել պահպանելու հայկական ինքնութիւնը, մշակոյթը, կրօնը եւ հաւատքը Ռումանիոյ մէջ, ուր հայերը մօտաւորապէս  մէկ հազարամեակ հաշտ ու համերաշխ կ’ապրին ռումանացիներու եւ այլ ազգային փոքրամասնութիւններու հետ:

timthumbtimthumb (1)

Scroll Up