Քնէսէթի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հարցի Քննարկումը Կ’ուղեկցուի Պահանջատիրական Ցոյցով

Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը Իսրայէլի Քնէսէթի օրակարգին մէջ է: Յուլիս 5-ին` գերմանական Պունտեսթակի կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունումէն մէկ ամիս անց, Ցեղասպանութեան թեմայով քննարկումներ տեղի կ’ունենան Իսրայէլի խորհրդարանին մէջ:

Ըստ «Հայերն այսօր»-ի` նոյն օրը` ճիշդ քննարկման ժամուն, Իսրայէլի Քնէսէթին մօտ խումբ մը հայեր եւ հրեաներ բողոքի ցոյց կ’իրականացնեն` պահանջելով Քնէսէթէն ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Բողոքի ցոյցը կազմակերպած է Երուսաղէմի միացեալ յանձնախումբը, հաւաքավայրը` Սիոն դուռ:

Scroll Up