Հոլանտայի Հայերը Կ’աջակցին Արցախին

Արցախի վրայ սանձազերծած Ատրպէյճանի յանկարծահաս յարձակումը հայկական իրականութեան մէջ շատ հարցեր ստիպեց վերանայիլ ու սրբագրել, բացթողումները սթափ շտկել ու ուրիշ բազում մեծ ու փոքր խնդիրներու վրայ ուշադրութիւն սեւեռել: 4-օրեայ դաժան պատերազմի դրոշմը կնիքուեցաւ նաեւ Սփիւռքի բնականոն կեանքին վրայ, եւ շատերը իրենց հնարաւորութեան չափով ձեռք մեկնեցին Հայրենիքի ամենաթանկ հատուածին` Արցախին: Անմասն չմնացին նաեւ Հոլանտայի տարբեր քաղաքներու հայ համայնքները: Անոնք արդէն հանդէս եկած են օգնութեան տարբեր կարգի նախաձեռնութիւններով:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը` յղում կատարելով «Նիտերլանտական օրագրին», հիւսիսային Հոլանտայի Ալքմար, Հերհուխովարդ եւ Գասթրիկում քաղաքներու բնակիչներու նախաձեռնութեամբ ալ ստեղծուած է «Աջակցինք Արցախին» յանձնաժողովը: Նախագահ ընտրուած է Ալիսա Մովսիսեանը, որ փորձած է Հոլանտայի մէջ օգնութիւնները համակարգող միասնական կառոյցի շուրջ համախմբել տարբեր կազմակերպութիւններ, անոնց միաւորել միասնական գաղափարի շուրջ: Բանակցութիւններ վարուած են տարբեր հայկական կազմակերպութիւններու հետ, շատերը առայժմ համաձայնութիւն յայտնած են համատեղ ծրագիրներ իրականացնել եւ իրարու օժանդակել ամենատարբեր հարցերու մէջ:
Արցախին օգնող նորաստեղծ անձնաժողովը գործունէութեան զուգահեռ նաեւ կազմակերպչական բնոյթի աշխատանքներ կ’իրականացնէ, կ’ընթանան պաշտօնական գրանցման եւ հաշուեհամարներու բացման ընթացակարգերը: Կապ հաստատուած է Արցախի կառավարութեան կողմէ ստեղծուած օգնութիւնները համակարգող յանձնաժողովի նախագահ Ժիրայր Միրզոյեանի հետ, որ ողջունած է հոլանտահայերու նախաձեռնութիւնը: Օգնութեան պատրաստակամութիւն յայտնած Հայաստանի ազգային ժողովի պատգամաւոր Անահիտ Բախշեանը: Կ’ուսումնասիրուի Հայաստանին օգնող հոլանտական միւս կազմակերպութիւններու փորձը:
Բարեգործական առաջին ձեռնարկը «Աջակցինք Արցախին» յանձնաժողովը իրականացուցած է Յունիս 19-ին: Այդ օրը հաւաքուած էին 100-է աւելի հայ համայնքի անդամներ, որոնք բարեգործութեան զուգահեռ ծանօթացան իրարու հետ, բացօթեայ խնճոյքի սեղանի շուրջ մօտէն շփուեցան, մասնակցեցան մարզական խաղերու ու խոստացան նման ազգօգուտ հաւաքներ յաճախակի կազմակերպել:
«Աջակցինք Արցախին» յանձնաժողովի 2-րդ ձեռնարկը` Յունիս 26-ին, Գասթրիկում քաղաքի Maranatha եկեղեցւոյ հետ համատեղ: Եկեղեցին նախօրօք յուշաթերթիկ տարածած էր, որմով յայտնած էր բարեգործական ձեռնարկին մասին` զետեղելով Արցախի ու անոր ազատատենչ ժողովուրդի պայքարին մասին մանրամասն տեղեկութիւններ: Ուշագրաւ է, որ անակնկալ կերպով դրամահաւաք կազմակերպած էր մէկ այլ` Wittekerkje Dijk en Duin եկեղեցին:
Այդ օրը սպառած է հայ կանանց` բարեգործութեան ծիրէն ներս պատրաստուած ամբողջ համեղ քաղցրաւենիքը:
«Աջակցինք Արցախին» նորաստեղծ կազմակերպութեան ղեկավար Ալիս Մովսիսեանի խօսքով` իրենց յանձնաժողովի կազմակերպած առաջին երկու ձեռնարկները կարելի է յաջողած համարել. «Վստահ կարելի է ըսել,- կը նշէ Ա.Կիրակոսեան, որ մարդիկ ոգեւորուած են, որ կրնան օգտակար գործ ընել Արցախի համար: օրինակ` մեր հայրենակիցներէն մէկը 1000 բացիկի տպագրութեան բոլոր ծախսերը իր վրայ վերցուցած էր, իսկ Ամսթերտամի «Գրիգոր Նարեկացի» դպրոցի սաները պատրաստակամութիւն յայտնած են իրացնելու զայն»:
Առաջին օգնութիւնը Արցախ կը հասցուի Օգոստոս ամսուն: