Սպանիոյ Փայփորթա Քաղաքը Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/07/Payporta-8.jpg)
Յունիս 30-ին սպանական Փայփորթա քաղաքը պաշտօնապէս ճանչցաւ եւ դատապարտեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:
Քաղաքային խորհուրդը եւ անոր մէջ ներկայացուած բոլոր քաղաքական ուժերը միաձայն կողմ քուէարկեցին ներկայացուած յայտագիրին:
Այս քայլով Փայփորթան համալրեց շուրջ երկու տասնեակ սպանական քաղաքներու ցանկը, որոնց քաղաքապետարանները արդէն իսկ ընդունած են նման էական յայտարարութիւններ: