Եկած Ենք Անկեղծ Զգացումներով Խոնարհում Բերելու Հերոս Տղաներու Ընտանիքներուն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/06/Kordoba1.jpg)
Ինչպէս արդէն պատմած էր «Հայերն այսօր»-ը, Արժանթինի Գորտոպա քաղաքի հայկական համայնքի ներկայացուցիչները, որուն կազմին մէջ էին Գորտոպայի հայ համայնքի վարչութեան նախագահ, փաստաբան Էտուարտօ Թութուշեան, փոխնախագահ, ՀՄԸՄ Հարաւային Ամերիկայի տարածաշրջանի ներկայացուցիչ Ռուբէն Աւագեան, համայնքի վարչութեան անդամներ` «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Գորտոպայի մասնաճիւղի, Սբ. Գէորգ եկեղեցւոյ կից գործող կիրակնօրեայ դպրոցի հիմնադիր, New Docta-Nueva Docta երաժշտական հիմնադրամի նախագահ Լիլիան Պալեան-Մերտինեան, փրոֆէսոր Աննա Վիրճինիա Ասատուրօղլին, Գորտոպայի հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ Տէր Յարութիւն քահանայ Սեփանեան, Յունիս 23-ին այցելած էին ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն` համայնքին կողմէ ցուցաբերուած նիւթական օժանդակութիւնը փոխանցելու արցախեան քառօրեայ պատերազմի ընթացքին զոհուած եւ վիրաւոր հայորդիներու ընտանիքներուն:
Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Յարութիւն քահանայ Սեփանեան, խօսելով համայնքի նախաձեռնութեան մասին, «Հայերն այսօր»-ին հետեւեալը ըսաւ . «Եկած ենք մեր սրտի անկեղծ զգացումներով խոնարհում բերելու հերոս տղաներու ընտանիքներուն: Անոնք, ապրիլեան պատերազմական օրերուն իրենց կեանքի գինով պայքար մղելով, նոր վարդաններ եւ նոր եղիշէներ դարձան` արթնցնելով մեզի անտարբերութեան թմբիրէն: Շնորհակալ ենք անոնց առիւծածին ծնողներուն, որ այդքան հայրենասէր ու ազգանուէր երեխաներ դաստիարակած են: Պիտի փորձենք այս քայլով անոնց սրտի վէրքը դոյզն-ինչ սպիացնել` ըսելով, որ միայնակ չեն վշտի մէջ»:
Տէր Հայրը ընդգծեց այն փաստը, որ հեռաւոր Գորտոպայի մէջ հայերը միասնականութիւն ցուցաբերած են` ցանկութիւն յայտնելով օգնութեան ձեռք մեկնել իրենց հայրենակիցներուն:
Այս ուղղութեամբ մէկ ամիս առաջ արժանթինահայ երաժիշտ, հասարակական գործիչ Գագիկ Գասպարեանի նախաձեռնութեամբ, որուն հայրը Արցախեան ազատամարտի զոհուած հերոսներէն է, Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ դասախօսութիւն կազմակերպուած է: Դասախօսութիւնը կարդացած է Մարտին Սիմոնեան:
Տեսանիւթերու, լուսանակարներու միջոցով գորտոպահայերուն իրազեկած են Ատրպէյճանի կողմէ նախայարձակ վայրագ գործողութիւններու հետեւանքով դժուարին կացութեան մէջ յայտնուած զինուորներուն եւ արցախցիներուն մասին` կոչ ընելով դրամահաւաք կազմակերպել:
«Այս կոչը խանդավառութեամբ ընդունուեցաւ համայնքին կողմէ. բոլորը մէկ մարդու պէս ոտքի կանգնեցան` ըմբռնելով պահի լրջութիւնը: Շատ ուրախ եմ, որ օտարութեան մէջ գտնուելով հանդերձ, պատրաստակամ եղան օժանդակել յանուն Հայրենիքի խաղաղութեան իրենց կեանքը զոհած, վիրաւոր կամ խեղանդամ դարձած զինուորներուն: Կը վստահեցնեմ` յետագային նոյնպէս նմանօրինակ ծրագիրներով կը սատարենք Արցախին եւ Հայոց բանակին` ցոյց տալու համար մեր կապուածութիւնը Հայրենիքին»,-ընդգծեց Տէր Յարութիւն քահանայ Սեփանեան:
Գէորգ Չիչեան