Ամուսնական Մատանիներ` Վրաստանէն Առաջնագիծ

Ապրիլեան պատերազմը մէկ անգամ եւս ապացուցեց հայ ժողովուրդի միասնականութիւնը, ազգային կամքն ու իրար նեցուկ ըլլալու անսահման պատրաստակամութիւնը: Սփիւռքը այս դժուարին օրերուն Հայրենիքի կողքին էր բոլոր առումներով` ֆինանսապէս, հոգեպէս ու ֆիզիքապէս: Սփիւռքը բռունցքի վերածուեցաւ մէկ պարզորոշ  գիտակցութեամբ` Մենք Արցախն ենք:

Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կրթամշակութային եւ երիտասարդութեան կեդրոնը Արցախի մէջ սկսուած պատերազմական գործողութիւններու առաջին իսկ օրէն արցախցիի կողքին է` փորձելով տարբեր նախաձեռնութիւններով օգնութեան ձեռք մեկնել հայրենակիցներուն:

Հերթական բարեգործական ձեռնարկը վիրահայ նկարիչներու աշխատանքներու ցուցադրութիւն-վաճառքն էր, որմէ ստացուած ողջ հասոյթը պիտի ուղղուէր Արցախի հիմնախնդիրները  լուծելու համար:

Ապրիլի վերջը տեղի ունեցած ձեռնարկին ընթացքին հիւրերէն Կարէն Նանումեան հանդէս եկաւ  յայտարարութեամբ մը, որ ներկաներու հոգին տակնուվրայ ըրաւ, անոնց աչքերէն  արցունք բերաւ:

Այս ուշագրաւ, իր տեսակին մէջ եզակի պատմութեան մանրամասնութիւնները «Հայերն այսօր»-ին ներկայացուց Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի ղեկավար Լեւոն Չիդիլեան. «Կարէնը  քանի մը նկար գնելէ ետք ելոյթ ունենալու համար ձայն խնդրեց: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց որ հնարաւորութիւն ունի իր լուման ներդնելու ատրպէյճանական յարձակումներէն տուժած արցախցիներուն օգնելու գործին մէջ եւ Խաչիկ Դաշտեցի  «Ռանչպարներու կանչը»  վէպէն դրուագ մը յիշեց. երբ ոսկին կը վերջանայ, իսկ Զօրավար Անդրանիկը գրպաններուն մէջ ոսկի այլեւս չի գտներ երեխայի կեանքը փրկելու համար, ան կը հրամայէ ոսկի բերել, բայց` ապարդիւն: Այդ ժամանակ օգնութեան կը հասնի քրտերէն երգերու լաւագոյն կատարող Ալատին Միսակ հայդուկը, որ երգելով կը փրկէ երեխայի կեանքը: Այսինքն` մէկ հայուն` մէկ ոսկի…

2մատանի1

Ապա Կարէնը, կնոջմէ ներողութիւն խնդրելով, մատէն հանեց ամուսնական ոսկեայ մատանին եւ յայտարարեց, որ այն Արցախ կ’ուղարկէ: Բոլորս  պահ մը քարացանք. անելանելի վիճակ  ստեղծուած էր: Լռութիւն…եւ խօսեցաւ անոր  ազգութեամբ ռուս կինը: Ան ըսաւ, որ կը միանայ ամուսնուն գաղափարին եւ առանց մէկ վայրկեան վարանելու` մատնեմատէն հանեց մատանին` յայտարարելով, որ այն կը ծառայեցնէ նոյն նպատակին:

Եւ ասիկա դեռ ամէնը չէր: Ծնողներու նախաձեռնութիւնը վարակեց սենեակին մէջ գտնուող որդիին` անոր նոյնպէս հայրենասիրութեան մղելով: Տղան վիզէն հանեց արծաթեայ շղթան` Սուրբ Գէորգի կախազարդով եւ յանձնեց մեզի: Մենք կը փորձէինք համոզել ետ կանգնիլ որոշումէն, սակայն, ապարդիւն. անոնք անբեկանելի էին, որոշումը քննարկման ենթակայ չէր:

Այդպէս, մատանիները տարինք Ղարաբաղ եւ յանձնեցինք Արցախի բանակի հոգեւոր սպասաւոր Սամուէլ սարկաւագ Մկրտչեանին այն պայմանով, որ մատանիները պսակադրութեան ընթացքին յանձնէ առաջին զինուորին, որ,  դիրքերէն վերադառնալով, կ’որոշէ ամուսնանալ:

Իսկ արծաթեայ շղթան մտադրուեցանք նուիրել առաջնագիծին վրայ  գտնուող զինուորներէն մէկուն: Հրամանատարի խորհուրդով` քառօրեայ պատերազմի ընթացքին կատարած սխրագործութիւններով աչքի ինկած Սամուէլ Նաւոյեանին յանձնեցինք արծաթեայ զարդը: Այստեղ նոյնպէս նախախնամութեան, թէ պատահականութեան շնորհիւ`  հետաքրքրաշարժ իրողութեան մը հանդիպեցանք: Զինուորին հետ խօսակցութենէն պարզ  դարձաւ, որ անոր արմատները Վրաստանէն են եւ որ մանկութիւնը Թիֆլիսիի մէջ անցուցած է: Պարզուեցաւ նաեւ, որ Սամուէլ Նաւոյեանի տատն ու պապը Կարէն Նանումեանի հարեւանը  եղած են…»:

4

Սա հայ մարդու տեսակը բացայայտող լաւագոյն օրինակն է: Երբ յանուն հայրենիքի, կրնաս հրաժարիլ սիրոյ, քսաներկու տարուան համատեղ կեանքի խորհրդանիշէն, սուրբ մասունքէն եւ զայն յանձնել Հայրենիքի սահմաններու  անսասանութեան համար պայքար մղող զինուորին:

Սպասենք մեր հերոս զինուորի հարսանիքին: Յուսանք, որ անոր կեանքի այդ կարեւոր օրը  խորհրդաւոր պատմութիւն մը եւս պիտի գրանցուի, որ երկար տարիներ, իբրեւ լուսաւոր յիշողութիւն, պիտի մնայ բոլորիս սրտերուն մէջ:

Գէորգ Չիչեան

Scroll Up