Խաղաղութեան Աղաւնիներ` Դէպի Արարատ Լեռ

Հռոմի պապի հայաստանեան վերջին ժամերը անցան սուրբ Խոր Վիրապին մէջ, ուր աղօթքի ներքոյ վառուեցաւ Հռոմի պապի նուիրած կանթեղը: Այնուհետեւ երկու եկեղեցիներու հայրապետերը ուղեւորուեցան դէպի  բիբլիական Արարատ լեռը նայող դիտահարթակ, ուր զրուցեցին, նայելով Արարատ լերան եւ ընդունելով այն որպէս կանգուն վկայութիւն, որ Աստուած է հայ ազգի փրկութիւնն ու յոյսը:

Եւ ուխտագնացութեան ամենատպաւորիչ տեսարաններէն մէկը իրականացուցին` աղաւնիներ արձակեցին Արարատ լերան ուղղութեամբ` որպէս խաղաղութեան նշան:

Այսպիսով, աւարտեց Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոսի եռօրեայ ուխտագնացութիւնը առաջին քրիստոնեայ երկիր: Քիչ անց ան կ’ուղեւորուի Զուարթնոց օդակայան, ուրկէ կը մեկնի Վատիկան, կը գրէ yerkir.am-ը:

Scroll Up