Աւարտեց «Արի Տուն» Ծրագիրին Առաջին Փուլը

Յունիս 24-ին Ծաղկաձորի «Արի տուն» ճամբարին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրի առաջին փուլի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն կը մասնակցէին ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Վահագն Մելիքեան, նախարարութեան աշխատակիցներ, հիւրեր:

Նախարարի տեղակալ Վահագն Մելիքեան ողջունեց ծրագիրի մասնակիցները, շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ծնողներուն եւ հիւրընկալ ընտանիքներուն վստահութեան ու համագործակցութեան համար եւ ըսաւ. «Սիրելի’ արիտունցիներ, վստահ եմ, որ մասնակցելով ծրագրին` ձեր սէրը Հայրենիքի նկատմամբ աւելի կենդանի ու առաւել զօրաւոր է դառնում այսօր, չափազանց կարեւոր է այն մտերմութիւնը, ջերմութիւնը, որ դուք ստացաք` ծանօթանալով Հայաստան աշխարհի մշակութային հրաշալիքներին, վայելելով բնութեան գեղեցկութիւնը, բայց կարծում եմ ամենակարեւորն են ձեր ձեռք բերած երկրորդ ընտանիքը, ձեր նոր ընկերները, հայրենաճանաչութեան ու մայրենի լեզուի դասերը, այն տաք ու հայկական մթնոլորտը, որի մէջ անցան ձեր կեանքի այս բացառիկ օրերը: Կարծում եմ, որ դուք  ամուր կը պահէք այն կապերը, որ ձեռք բերեցիք, գրէ’ք միմեանց, հաղորդակցուէ’ք, նորից վերադարձէ’ք Հայաստան, գիտակցէ’ք, որ այս հողը, այս երկիրը նաեւ ձերն է»:

Վ. Մելիքեան բարձր գնահատեց ծրագիրի կազմակերպիչներու, ուսուցիչներու, ջոկատավարներու աշխատանքը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց նուիրումի, այն առանձնայատուկ սիրոյ ու հոգատարութեան համար, որով անոնք շրջապատած են սփիւռքահայ պատանիներուն ու աղջիկներուն:

«Արի տուն» ծրագիրի առաջին փուլը աւարտեց հրաժեշտի աւանդական խարոյկով: Արիտունցիները հանդէս եկան համերգային ծրագիրով, որ պատրաստած էին ճամբարային օրերուն ընթացքին:

Ծրագիրի առաջին փուլին մասնակցելու համար Հայաստան  ժամանած են 42 պատանիներ ու աղջիկներ, որոնցմէ 20-ը` Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայեր են, 22 մասնակիցները` Ռուսատանէն, Պելառուսէն, Թուրքմէնստանէն եւ ԱՄՆ-էն:

12 3

 

Scroll Up