Հռոմի Պապի Հետ Մերձաւոր Արեւելքի Խաղաղութեան Համար «Աղօթող» Պատանիները. Աղօթք Առ ԱՄԷ
Յունիս 25-ին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապի ընդհանրական արարողութեան կը մասնակցին ԱՄԷ ապրող` Մարիա եւ Քրիստափոր Հապիպեանները, որոնք իրենց ծննդավայրէն բերուած բուռ մը հողով կը մասնակցին ալեկոծեալ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման համար Հռոմի Պապի հնչեցուցած աղօթքին:
Կը ներկայացնենք ԱՄԷ ապրող պատանիներուն մասին «Հայերն այսօր»-ի փոքրիկ անդրադարձը:
Մարիա եւ Քրիստափոր Հապիպեանները քոյր ու եղբայր են, կ’ապրին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ:
Մարիան եւ Քրիստափորը տարուան մեծ մասը Լիբանանի մէջ կը գտնուին, քանի որ 2012 թուականէն տեղափոխուած են Լիբանան` ուսում ստանալու համար: Ամառնային արձակուրդներուն միայն մայրիկին հետ ԱՄԷ կ’երթան ` հայրիկին մօտ, որ այնտեղ փաստաբան կ’աշխատի:
Այս տարուան ամառը անոնց համար հոգեպարար եւ յիշարժան դրուագներով լի կը դառնայ` Մայր Հայրենիքի մէջ Հռոմի Սրբազան Քահանայապետին հետ հանդիպման պատճառով, որուն համար յատուկ Հայաստան եկած են: Յուզմունքը եւ պատասխանատուութիւնը մեծ է նաեւ, որ բոլորին հետ միասնաբար Խաղաղութեան աղօթք պիտի յղեն առ Աստուած:
Անոնք անհամբեր կը սպասեն, թէ երբ Հռոմի պապին պիտի հանդիպին, որպէսզի անոր Տուպայէն բերուած հողը նուիրեն:
Մարիա եւ Քրիստափոր «Հայերն այսօր»-ին տեղեկացուցին, որ իրենց նախնիները Արեւմտեան Հայաստանի Ատանա քաղաքէն են: Անոնք նոյնպէս Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքը ապրած են:
Փրկուելով թրքական կոտորածէն` Մարիայի եւ Քրիստափորի մեծ հայրիկը Լիբանան փախած է, ուր սկսած է մրգավաճառութեամբ զբաղուիլ, ապա ընտանիք կազմել: