Ուրկէ կը Սկսի Հայրենիքը…

Ուրկէ կը սկսի հայրենիքը… Իւրաքանչիւրիս համար ան իր ակունքը ունի: Մէկուն համար իր տունն է, ծննդավայրը, մէկ ուրիշի համար, որ օտար երկրի մէջ կ’ապրի, իր պապերու երկիրն է, որուն կարօտով կ’ապրի ան:

Հայերնիքը մէկն է թերեւս մէկ պարագայի: Հայոց բանակի սահմանային զօրամասի մէջ ծառայող զինուորի համար՝ հայրենիքը իւրաքանչիւր առաւօտ, 730 օր շարունակ կը սկսի այն սահմանէն, զոր կը պաշտպանէ ան:

Սարօ Մամոյեան, Սահակ Մեժլումեան, Արթուր Քալաշեան, Սմբատ Բոզինեան, Կարապետ Մարտիրոսեան, Վաչէ Շերենց… Անոնք Հայոց բանակի զինուորներ են, հա՛յ զինուոր: Կը ծառայեն Արարատի N զօրամասի մէջ: Ու զիրենք կը միաւորէ մէկ բան. ապրելով օտար երկրի մէջ՝ անոնք որոշած են ծառայել Հայոց բանակին:

Ինչու՞, իւրաքանչիւրը իր պատճառը ունի, իր պատմութիւնը, որուն եւ կը ծանօթանաք միասին.

Սարօ Մամոյեան

– Ծնած եմ Հայաստան, տասը տարի է՝ կ’ապրիմ Ռուսիա: Իսկ այսօր դարձեալ այստեղ եմ` Հայաստան: Եկած եմ, որ ծառայեմ. 19 ամիս է արդէն: Եղբօրս հետ նոյն զօրամասի մէջ կը ծառայենք:

Ինչո՞ւ այստեղ եմ: Չեմ գիտեր, պարզապէս կը գիտակցէի, որ պէտք է ծառայեմ: Հայրս նոյնպէս ծառայած է, ես ինչո՞ւ պիտի խուսափէի:

Մինչ այստեղ գալը բանակի մասին բան չէի գիտեր, նոյնիսկ այն, որ այսպիսի համազգեստ կու տան: Եկայ, ու շատ բան փոխուեցաւ կեանքիս մէջ: Իմացայ, որ տղամարդու գործը ինչ է, սահման պահելը ինչ է, ծառայութիւնը ինչ է: Եթէ այստեղ չըլլայի, չէի գիտնար, որ այսպիսի դժուար ճանապարհով կ’անցնի զինուորը: Բայց վերջը կը հասնի արդիւնքի մը ու կը հասկնաս, որ ասո՛ր համար եկած ես, որ ասիկա պէտք իրեն:

Սկիզբը քիչ մը դժուար էր, ամէն ինչ անսովոր էր ինծի համար: Բայց կամաց-կամաց այս կեանքը սովորական դարձաւ ինծի համար: Երբ դիրքեր կ’երթաս, ինքզինքդ հպարտ կը զգաս, հպարտ, որ սահման կը պահես: Կանգնած ես գիծի մը վրայ, որ կը «բաժնէ» քեզ եւ հակառակորդը: Եւ այդ պահուն քե՛զի վստահուած է այդ «գիծը» պահել:

Երբ առաջին անգամ դիրքեր բարձրացայ` քիչ մը վախ ունէի: Չէի գիտեր` ինչ պիտի ըլլայ, ինչպէս պիտի ըլլայ: Դէմառդէմ կանգնելով թուրքի (ատրպէյճանցի) դէմ` ես կը սպասէի, որ բան մը պիտի ըլլայ: Կը վախնայի, կը փորձէի ուշադիր ըլլալ, շատ դժուար էր: Բայց յետոյ հասկցայ, որ դժուարութիւնը կախուած է մեզմէ: Եթէ մենք ուշադիր ըլլանք դիրքերուն մէջ, այդ դժուարութիւնը չենք տեսներ: Եթէ ժամանակին կրնանք նկատել հակառակորդը, ան ոչինչ կրնայ ընել:

Յատկապէս դժուար է գիշերը, երբ շուրջդ ձայն չկայ ու դուն մինակ ես: Բայց ետ կը նայիս ու կը հասկնաս, որ ետիդ կանգնած են մերինները, մեր սահմանն է ու դուն գիտես, որ կը պաշտպանես զիրենք: Թիկունքդ դէմ դրած հակառակորդի գիծին` դուն քեզ շատ հպարտ կը զգաս:

Կ’ուզեմ, որ ամէն տղայ բանակ գալէ առաջ մտածէ, որ այդ ամէնը ինքն ալ պիտի զգայ: Մարտական հերթապահութենէն շատ բան կրնամ պատմել, բայց հիմնականը, ամենակարեւորը իւրաքանչիւր զինուորի համար այն է, որ գիտակցի, որ ատիկա իր գործն է, պարտականութիւնը: Եթէ պատուով կատարեց, պատուով ալ պիտի աւարտէ:

Հիմա դժուար է քիչ մը, բայց կեանքի ընթացքին պատմելու բան պիտի ունենայ: Ու երբ ան երբեւէ այս կողմերով անցնի, պիտի յիշէ ու պիտի պատմէ, որ ժամանակ մը այդ գիծը ինք պահած է: Իսկ հիմա իր փոխարէն ուրիշներն են, անոնք կը հսկեն, որ մենք հանգիստ ապրինք:

Մինչեւ գալը կը մտածէի, որ բանակային կեանքը շատ դժուար է, չեմ կրնար ծառայել: Բայց եկայ ու հասկացայ, որ կրնամ:

Կ’ուզեմ, որ իւրաքանչիւր տղայ գիտակցի, որ ինքն ալ պէտք է ծառայէ: Բանակային կեանքը կենսական է իւրաքանչիւր տղամարդու համար:

Միայն մէկ բանն է ամենադժուարը` կարօտը: Ամենաշատը մերիններուն կը կարօտնամ եւ, ընկերներուս…

Սահակ Մեժլումեան

– Ծնած եմ Շամշատին` Բերդ քաղաքի մէջ: 18 տարի է` կ’ապրիմ Ռուսիա: Մոսկուայի մէջ աւարտած եմ միջնակարգ դպրոցը, մարմնամարզական խմբակ յաճախած եմ:

Արդէն մէկ տարի երկու ամիս է` կը ծառայեմ: Ճիշտ է` Ռուսիա կ’ապրիմ, ասիկա է հողս, ջուրս, այստեղ են իմ հարազատներս: Եւ այս ամէնն է, որ դուն պէտք է պաշտպանես:

Սահման պահելը հպարտութիւն է: Կը մտածեմ, որ ես այստեղ կեցած եմ, իսկ իմ ծնողներս, հարազատներս, բարեկամներս կրնան հանգիստ քնանալ: Անոնք կրնան հպարտանալ ինձմով: Յատկապէս Հայաստանի մէջ ապրող հարազատներս շատ կ’ուրախանան, որ Ռուսիայէն եկած եմ ու Հայոց բանակին կը ծառայեմ:

Ժամանակը այստեղ շատ արագ կ’անցնի: Շատ ընկերներ ունիմ, նոյնիսկ Մոսկուայէն, որոնց հետ այստեղ ծանօթացած եմ:

Շատ բան փոխուած է մէջս այս ամիսներու ընթացքին: Մտածելակերպս փոխուած է: Հիմա ամէն ինչին շատ լուրջ կը նայիս, մի քայլ ընելէ առաջ շատ երկար կը սկսիս մտածել:

Միայն ծնողներուս, ընկերներուս, հարազատ մարդոց կարօտն է դժուար:

Կ’ուզեմ, որ բոլորն ալ գան ու ծառայեն, չմտածեն, որ ծառայութիւնը վատ բան է: Միայն կ’ուզեմ, որ Աստուած բոլորի հետ ըլլայ, որ բոլորն ալ լաւ ծառայեն ու վերադառնան իրենց ընտանիքներ:

Արթուր Քալաշեան

– Ծնած եմ Գիւմրի, 5 տարեկանին ընտանիքիս հետ տեղափոխուած եմ Ռուսիա: Աւարտած եմ միջնակարգ դպրոցը: Զբաղած եմ ըմբշամարտով, մարմնամարզութեան վարպետ եմ:

Ես ուզեցի գալ այստեղ: Եղբայրս նոյնպէս ծառայած է Ղարաբաղի մէջ: Արդէն մէկ տարի եօթ ամիս է՝ այստեղ եմ:

Օրերը այստեղ լաւ կ’անցնին: Զօրմամասի մէջ մարզասրահ բացած են, ուր կրնաս  մարզուիլ:

Վեց ամսուայ ծառայող եղած եմ, երբ առաջին անգամ դիրքեր բարձրացանք: Այնտեղ է, որ դուն կը զգաս, որ պէտք ես հայրենիքիդ: Իսկ քեզի ուժ կու տայ այն միտքը, որ քեզի սպասող կայ, որ դուն այստեղ ես, իսկ իրենք կրնան հանգիստ ու խաղաղ ապրիլ:

Մինչեւ բանակ գալը կարծես երեխայ ըլլայինք, հիմա տղամարդ դարձած ենք:

Ամենադժուարը` սպասելն է, երբ կը մտածես ծնողներուդ մասին, բոլոր անոնց մասին, ովքեր քեզի կը սպասեն: Իսկ վերջին ամիսներուն սպասումը աւելի ծանր է:

Հայը ուր որ ալ ապրի` պէտք է ծառայէ Հայկական Բանակին:

Իսկ երբ վերադառնամ, կ’ուզեմ ուսանիլ, որ մարզիչ դառնամ:

Սմբատ Բոզինեան

– Մայրս ռուս է, հայրս` հայ: Ես ծնած եմ Ռուսիա, բայց փոքր տարիքէն տեղափոխուած ենք Յունաստան. մօտ 18 տարի այնտեղ ապրած եմ: Դպրոցը աւարտելէն ետ, ծնողներուս ըսի, որ կ’ուզեմ երթալ ու ծառայել Հայաստանի մէջ: Պապիկս ծառայած է Հայոց բանակին, հօրեղբայրս Ղարաբաղի մէջ ծառայած է, կռուին մասնակցած:

Մինչեւ Հայաստան գալը հայերէն ընդհանրապէս չէի գիտեր եւ սկիզբը քիչ մը դժուար էր: Բայց արդէն մէկ տարի է կը ծառայեմ ու արդէն սկսած եմ խօսիլ: Դեռ փոքր տարիքէն կը ցանկայի հայերէն սորվիլ, բայց դժուար է, երբ ուրիշ երկրի մէջ

կ’ ապրիս: Հիմա արդէն հպարտ եմ, որ հայերէն խօսիլ սորված եմ: Հիմա ալ կը  փորձեմ լաւ ծառայել, չէ՞ որ հայ եմ, սա նաեւ իմ երկիրս է:

Փոքր տարիքէն մէկ-երկու անգամ Հայաստան եկած եմ, բայց գրեչէ բան չեմ յիշեր: Յունաստանի մէջ ուրիշ կեանք է, Հայաստանի մէջ` ուրիշ: Այստեղ դժուարութիւններ շատ կան, մարդիկ այս ու այն կերպ փորձեն ապրելու միջոցներ գտնել: Բայց անկախ ամէն ինչէն, կը սիրեմ այս կեանքը: Բոլորովին այլ աշխարհ է, շատ պարզ ու հետաքրքրական:

Եւ վստահ կրնամ ըսել, որ այս ամիսներու ընթացքին բոլորովին ուրիշ մարդ դարձած եմ: Յունաստանի մէջ ունեցած եմ այն ամէնը, ինչ ուզած եմ: Իսկ այստեղ հասկցայ, որ ամենապարզ, ամենափոքր ու ամենասովորական բանը կրնայ քեզ ուրախացնել: Ծիծաղ մը կամ երեխայի ճիչը, որ դուրսը լուցկիներով կը խաղայ: Դուն կը տեսնես, որ ան այդ փոքր բանէն շատ կ’ուրախանայ: Բայց Յունաստանի մէջ ուրիշ է: Ժամանակակից հեռաձայն, համակարգիչ, նման բաներ քեզ երջանիկ կը դարձնեն: Իսկ այստեղ կեանքը շատ պարզ է, ազատ:

Կ’ուզեմ այստեղ մնալ, բայց այդ ամէնը ապագային պարզ կ’ըլլայ:

Դիրքերուն 7-8 հոգի ենք, կարծես մէկ ընտանիք ըլլանք: Մէկս միւսին կ’oգնենք, որ սխալ չընենք, որովհետեւ փոքրիկ սխալն անգամ կեանք կրնայ արժել:

Մայրիկիս շատ կը կարօտնամ: Երբ հայրիկիս կը հեռաձայնեմ կը փորձեմ հայերէն խօսիլ: Կ’ըսեմ, որ ամէն ինչ նորմալ է, ծառայութիւնը լաւ է կ’անցնի:

Բանակը մարդու մէջ շատ բան կը փոխէ: Կը մեծնաս, ուրիշ մարդ կը դառնաս: Կը մտածես ապագայիդ մասին, որ ընտանիք, աշխատաք, երեխաներ ունենաս:

Կը ցանկայի հայու հետ ամուսնանալ, բայց չեմ գիտեր, թէ ինչ կ’ըլլայ:

Կարապետ Մարտիրոսեան

– Ծնած եմ Գիւմրի, 3 տարեկանէն կ’ապրիմ Ռուսիա: Եկած եմ Հայաստան ծառայելու, ինչպէս կ’ըսեն` հայրենիքի հանդէպ պարտքը տալու: Նաեւ՝ հայրիկս, հօրեղբայրս, քեռիս, պապիկս նոյնպէս ծառայած են:

12 օր է, որ կը ծառայեմ: Նախապէս բանակի մասին բան չէի գիտեր: Մեզի կ’ըսէին, որ դժուար է: Ճիշտ է, սկիզբը այդպէս էր, յայտնուած եմ միջավայրի մը մէջ, ուր ոեւէ մէկը չէի ճանչնար: Բայց երբ կը համակերպուիս` օրերը արագ կ’անցնին:

Երբ առաջին անգամ զինուորական համազգեստ հագայ, հպարտութիւն զգացի:

Արդէն զինուորական երդումը սորված ենք, յօդուածները: Հայերէն չեմ գիտեր ու երդման բառերը ռուսերէն տառերով գրած եմ: Կը ցանկայի սորվիլ, բայց կարծեմ` դժուար կ’ըլլայ:

Շուտով մեր երդման արարողութիւնն է: Շարքային քայլքը սորված եմ, սկիզբը դժուար էր, ոտքերս կը ցաւէին, բայց հիմա ալ չի ցաւիր:

Ծառայութենէն ետք պէտք է վերադառնամ Ռուսիա, որ ուսանիմ: Կ’ուզեմ տնտեսագէտ դառնալ: Ծնողներս, եղբայրս այնտեղ են, կը կարօտնամ իրենց ու դժուար կ’ըլլայ առաց իրենց ապրիլը:Սխալ է, երբ կ’ըսեն` բանակը դժուար է: Դժուարութիւնները տղամարդու համար են: Բացի այդ, դուն հայրենիքիդ համար բան մը պէտք է ընես: Եւ միայն Հայաստանի մէջ կարելի է հայրենիքի համար որեւէ բան ընել:

– Վաչէ Շերենց

Ծնած եմ Դիլիջան: 2 տարեկան եղած եմ, երբ ընտանիքս տեղափոխուած է Ռուսիա: Դպրոցը աւարտելէ ետք ընդունուած եմ ինստիտուտ: Իսկ հիմա եկած եմ ծառայելու: Ինծի համար Հայոց բանակի մէջ ծառայելը մեծ նշանակութիւն ունի: Իմ նախնիներս Վանէն են, որ այսօր Թուրքիոյ տարածքին կը գտնուի: Սխալ կ’ըլլար, որ ես ծառայէի ուրիշի հողի մէջ եւ իմ հողս չպաշտպանէի: Արդէն 18 ամիս է կը ծառայեմ:

Բանակի մէջ կը սորվիս ես մենակութեան, կը դառնան տղամարդ: Սկիզբը դժուար է, յետոյ կ’ընտելանաս: Եղբայրս ալ ծառայած է եւ ինծի շատ բան պատմած է, ուղղութիւն տուած:

Երբ դիրքերու վրայ կ’ըլլաս, քիչ մը կը վախնաս, բայց քեզի ուժ կու տաս, որ ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ:

Ասիկա իմ երկիրս է, ըլլամ` Դիլիջանի, Արարատի, սահմանի վրայ, թէ զօրամասի մէջ:

Երկու կրծքանշան ունիմ: Աջ կողմինը մարտական հերթապահութիւնը լաւ կատարելու համար տրուած է: Ձախինը` իբրեւ մարզիկ խրախուսուած եմ, Վանաձորի մէջ՝ հաւաքներու ժամանակ: Ես 5 տարի բռնցքամարտով զբաղած եմ:

Ծառայութիւն աւարտելէն ետք ուսումս պիտի շարունակեմ Հայաստանի մէջ: Ու չեմ կրնար ըսել` կը մնամ, թէ կ’երթամ. ամէն ինչ ապագայէն կախուած է:

Ծառայութեան ընթացքին գրեթէ ամէն օր նոր բան կը սորվիս: Ես, օրինակ, հայերէն վարժ խօսիլ սորված եմ, Հայոց պատմութիւն, արդէն զէնքէն կը հասկնամ: Վերջերս ալ զօրամասի մարզադահլիճի մէջ սկսած ենք սամպօ պարապել:

Բոլոր զինուորներուն մէկ բան կը մաղթեմ` բարի ծառայութիւն եւ բարի վերադարձ հայրական օճախներ…

Յ.Գ. երիտասարդ տղաներ, որոնք ամէն օր հայրենիքը աւելի մօտ կը զգան ու չեն վախնար խոստովանիլ, որ վախ կը զգան մարտական հերթապահութեան ժամանակ, երբ սահման կը պահեն:

Վախ, որ ոչ թէ թուլութեան արտայայտում է, այլ կը նշանակէ, որ կը գիտակցին, թէ ինչ կրնան կորսնցնել, կը գիտակցին իրենց «պահածի» արժէքը: 18-20-ամեայ տղաները անիկա  կը գիտակցին ամէն օր…

Շնորհակալութիւն քե՛զ, հա՛յ զինուոր…

Լուսինէ Աբրահամեան

Scroll Up