Գիւմրին Հռոմի Պապին շնորհակալութիւն Կը Յայտնէ` Գիւմրեցի Նկարիչի Գեղանկարով
Վերջին օրերուն համացանցի վրայ ամենաարագ տարածուող ու դիտուող նկարներէն է ՀՀ վաստակաւոր նկարիչ Սամուէլ Լաճիկեանի վրձինին պատկանող «Հռոմի Ֆրանչիսկոս Առաջին պապի այցը առաջին քրիստոնեայ երկիր» ջրաներկ աշխատանքը, որ կը գրաւէ թէ իր իմաստալից, թէ կատարման տպաւորիչ վարպետութեամբ:
Գիտէինք, որ մեր օրերուն հայ ճանչցուած նկարիչներէն մէկը տարիներ առաջ բնակութիւն հաստատած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ: Անոր եղբօրմէ` յայտնի գեղագէտ, արուեստաբան-գծանկարիչ Լեւոն Լաճիկեանէն «Հայերն այսօր»-ի թղթակիցը փորձեց ճշդել անոր գտնուելու վայրը:
Պարզուեցաւ` նկարի հեղինակին հեռուները փնտրելու հարկ չկար. Ան ընդմիշտ վերադարձած է Հայրենիք եւ կ’ապրի իր հարազատ ծննդավայրին` Գիւմրիի մէջ: Իսկ «Հռոմի Ֆրանչիսկոս Առաջին պապի այցը առաջին քրիստոնեայ երկիր» նկարը, թերեւս, կարելի է նաեւ անուանել`«Վերադարձ` նկարով»:
–Պարո՛ն Լաճիկեան Ձեզի վստահուած է «Հռոմի Ֆրանչիսկոս I պապի այցը առաջին քրիստոնեայ երկիր» գեղանկարի պատկերումը:
Ինչպէ՞ս եղաւ ատիկա:
-Գիւմրիի մէջ արդէն լուրեր տարածուած էր, որ Ապրիլեան պատերազմէն յետոյ վերջնականապէս հաստատուած եմ այնտեղ:
Որոշ ժամանակ անց` Հռոմի Պապի Հայաստան կատարելիք այցելութեան նուիրուած, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Առաջնորդարանը, որ Գիւմրիի մէջ կը գտնուի, պատուիրեց խորհրդանշական աշխատանք պատրաստել, որ կ’ըլլար Հայաստանի` իբրեւ առաջին քրիստոնեայ պետութեան խորհրդապաշտական դրսեւորումը:
–Որ՞ն է գեղանկարի խորհուրդը:
-Նկարը թաթախուած է բարութեամբ, ջերմութեամբ եւ խաղաղութեամբ, որ մեր հողին համար վերջին ժամանակաշրջանին շատ կարեւոր է:
Այն պատկերուած է խաչի կառուցուածքով: Եթէ ուշադիր նայինք նկարին, ապա կը նկատենք հայկական ծաղկած խաչը: Եռաթեւ խաչի գագաթին Յիսուս Քրիստոսն է` շրջապատուած հրեշտակներով: Յիսուսը երկինքէն կը դիտէ Սրբազան Քահանայապետին` օրհնելով անոր այցելութիւնը Հայաստան:
Գարնանային տրամադրութիւնը, Արարատեան դաշտավայրի ծաղկունքը եւ բնութեան զարթօնքը կը տիրեն նկարին մէջ: Զարթօնք, քանի որ Հռոմի պապի այցելութիւնը Հայաստան` զարթօնքի խուրհուրդը ունի: Նկարը ամբողջութեամբ հին հայկական մագաղաթեայ խորապատկերի տեսքով է:
Խաչի ձախակողմեան հատուածին պատկերուած է Քրիստոսի աշակերտներէն Սուրբ Պետրոսը ` իմաստութեան բանալին ձեռքին, իսկ աջակողմեան հատուածին` Սուրբ Պօղոսը` սուրը ձեռքին:
Խաչափայտի ամբողջ ներքեւի հատուածին մէջ պատկերուած է Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը, որ կ’ողջունէ քրիստոնեայ առաջին պետութեան բոլոր մարդոց: Նկարին մէջ նաեւ մեր Սրբազան Լեռն է, որուն ֆօնին Հռոմի պապն է, նաեւ մեզի համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցող Խոր Վիրապի վանքը, ինչպէս նաեւ` Գիւմրիի մէջ անցեալ տարի բացուած Սրբոց Նահատակաց Կաթոլիկ Եկեղեցին պատկերուած է, ուր պիտի այցելէ Հռոմի Պապը` Գիւմրիի մէջ գտնուելու ժամանակ:
Նկարը հայկական մանրանկարչութեան կերպարով եղած է եւ օգտագործուած` ներկապնակի ամբողջ գոյները: Ընդհանուր առմամբ` հայաշունչ նկար է: Նկարին վրայ գրուած է նաեւ Աստուածաշուրնչէն վերցուած պատգամը. «Արածեցրու իմ գառներին»:
Նկարը այժմ կը գտնուի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Առաջնորդարանին մէջ: Այն պիտի տարուի եկեղեցի, որպէսզի ցուցադրուի Հռոմի պապին:
Նկարը պատկերուած է մէկուկէս ամսուան ընթացքին: Ենթադրելի է, որ այն սրբապատկերի կը վերածուի: Այսինքն, նկարը պատրաստուած է շնորհակալութիւն յայտնելու Հռոմի պապին` այցելութեան եւ աղօթքներով միշտ հայ ժողովուրդի կողքին կանգնելու համար:
-Ին՞չ արձագանք գտաւ նկարը հասարակութեան մէջ:
-Բոլորէն միայն դրական կարծիք լսած եմ: Նկարը այնքան հնչեղութիւն ստացաւ, որ պատրաստուած է նաեւ նկարի պատկերով կրծքանշաններ եւ փոքրիկ թռուցիկներ` աղօթքով: Ատոնք Գիւմրիի մէջ պիտի բաժնուին բոլոր 25 հազար ուխտաւորներուն: Իսկ Գիւմրիի կեդրոնական հրապարակի շէնքերուն վրայ` նկարի տեսքով մեծադիր պաստառներ պիտի փակցուին:
–Պարոն Լաճիկեան, Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապի այցելութեամբ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ ի՞նչ նոր էջ պիտի բացուի:
-Կը կարծեմ` Հռոմի պապի այցելութեամբ, բոլորիս համար նոր էջ պիտի բացուի` լուսաւոր եւ կենարար:
Ինչպէս ես վերադարձած եմ իմ ակունքներուս, այնպէս ալ` վստահ եմ, որ հազարաւոր հայեր կը վերաիմաստաւորեն իրենց կեցութիւնը եւ Հռոմի պապի այցելութենէն յետոյ` կը ցանկան վերադառնալ Հայաստան:
Ես այն կարծիքին եմ, որ Հայրենիքը աւելի խորը, գիտակցուած եւ ճշմարիտ սիրով սիրելու համար` պէտք է օտարութեան մէջ ապրիլ: Սա իմ անձնական փորձառութենէս կ’ըսեմ: Այս այցելութիւնը մեզի համար յոյսի շող պէտք է դառնայ, յուսադրող եւ հեղաբեկող խորհուրդ ունենայ:
Այն խորը համոզումը ունիմ, որ Ֆրանչիսկոս պապը իր տեղը պիտի գտնէ սուրբերու շարքին: Ան սովորական քահանայապետ չէ:
-Պարո՛ն Լաճիկեան, վերջին տարիներուն դուք կ’ապրէիք ԱՄՆ-ի մէջ: Զրոյցի աւարտին կը խնդրէի` համառօտ պատմել Ձեր կեանքի ոդիսականի, այդ վերջին փոփոխութիւններուն մասին:
– Գոյութիւն ունի բնակիլ եւ ապրիլ հասկացութիւնը: Կարելի է ապրիլ Հայրենիքի մէջ, բայց չապրիլ Հայրենիքով, եւ կարելի է ապրիլ դուրսը` հոգիին մէջ կրելով Հայրենիքը:
Ի հարկէ, ամենաճիշդը եւ երանելին` Հայրենիքի մէջ Հայրենիքով ապրիլն է:
Մութ ու լոյս, ցուրտ տարիներուն եւ Գիւմրիի տնակային պայմաններուն պատճառով` կորսնցուցած էի տուն ունենալու, ստեղծագործելու յոյսը. նուազագոյն պայմաններ չկային ապրելու համար: Ատիկա դարձաւ պատճառը, որ ես ընտանիքիս հետ բնակութիւն հաստատեմ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ:
Սակայն տարիները զիս համոզեցին, որ ճշմարիտ արուեստագէտը չի կրնար օտարութեան մէջ ապրիլ. դուրսը հրաշալի կ’ապրիս, բայց չես ստեղծագործեր:
Ես այդ ընթացքին, ի հարկէ, հայկական համայնքէն ներս ցուցադրութիւններ կազմակերպած եմ, իսկ վերջերս ալ` ՀՀ վաստակաւոր նկարիչի կոչում ստացայ:
Այս բոլոր հանգամանքները կարծես հող կը նախապատրաստէին` Հայաստան վերադառնալու համար: Արցախի մէջ տեղի ունեցած Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը իմ հոգիս նոյնպէս ալեկոծեց, կ’ուզէի նկարներովս վերադառնալ:
Ապրիլ 5-ին արդէն Հայաստանի մէջ էի: Վերադարձայ ընդմիշտ, վերադարձայ ժողովուրդիս հետ ըլլալու հաստատակամութեամբ եւ ստեղծագործելու մեծ մղումով:
– Ին՞չ ուղղութեամբ կը ստեղծագործէք:
– Ստեղծագործական ճանապարհս բաւականին երկար եղած է: Եթէ հետեւիք իմ ստեղծագործական կենսագրութեան, ապա կը տեսնէք, որ իմ ստեղծագործութիւններս քրիստոնէական, համազգային արժէքներով յագեցած են:
Իսկ Ամերիկայի մէջ իմ գոյութիւնս իմաստաւորեցի` ստեղծելով Աստուածաշնչեան թեմաներով գործեր:
Աղէտալի երկրաշարժէն ետք ես չէի կրնար նկարել, ձեռքս վրձին անգամ` չէի կրնար վերցնել: Ուժ չէի գտներ փլատակներն ու միւս դաժան տեսարանները նկարել: Տունս քանդուած էր, ի՞նչ սրտով պէտք է կարենայի Գիւմրին նկարել: Սա ինծի համար անընդունելի երեւոյթ էր: Ինքս ինծի վերագտնելու համար ժամանակ պէտք էր:
Այդ ժամանակ Գիւմրիի Սերգէյ Մերկուրովի անուան նկարչական դպրոցի տնօրէնն էի, եւ կը կարծէի, որ աւելի նպատակայարմար էր աւերուած դպրոցը վերանորոգել, քան նկարելով զբաղուիլ:
Այնուհետեւ ջրաներկ, թափանցիկ աշխատանքներէն յետոյ` Սուրբ Տիրամօր կտաւը պատկերեցի, որ իւղաներկով կատարուած մեծաչափ գործ է: Նկարը կը պատկերուի մեր աւանդական գորգի միջոցով` գիրկին մէջ Քրիստոս Մանուկը, իսկ երկրաշարժի մետաղեայ շիշերը սրբապսակ կը կազմեն:
Այս կտաւը այնքան մեծ ընդունելութիւն գտաւ, որ մեր օրերու մեծագոյն նկարիչներէն Գրիգոր Խանջեան ըսաւ. «Սա նոր խօսք է հայ կերպարուեստի պատմութեան մէջ:
Ամերիկայի մէջ շարունակեցի ստեղծագործել Աստուածաշնչեան թեմաներով, օրինակ` «Քրիստոսի ծնունդը», որ ամբողջութեամբ մանրանկարչութիւն է, «Քրիստոսը Խաչէն իջեցնելը», «Խորհրդաւոր ընթրիքը» եւ այլն:
Այս թեմաներով ստեղծագործելը սփոփեց զիս եւ հոգիիս հանգստութիւն պարգեւեց:
Զրուցեց` Գէորգ Չիչեան