«Հայերուն Յաղթել Չըլլա՛ր». Մեր Ազգային Ոգին Շա՛տ Բարձր Է, Ուժեղ». Գորտոպայի Հայկական Համայնքի Փոխնախագահ
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ Արժանթինի Գորտոպա քաղաքէն հիւրընկալուած տեղի հայկական համայնքի ներկայացուցիչներու առաքելութեան բուն նպատակը Արցախեան քառօրեայ պատերազմին զոհուած եւ վիրաւորուած զինծառայողներու ընտանիքներուն դրամական օժանդակութիւն ցուցաբերելն էր, որուն ծիրէն ներս կազմակերպուած արարողութեան ընթացքին Սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականի ծիրէն ներս առիթ ունեցայ զրուցելու Գորտոպայի հայկական համայնքի նախագահ Էտուարտօ Թութուշեանի եւ համայնքի փոխնախագահ, ՀՄԸՄ Հարաւային Ամերիկայի տարածաշրջանի ներկայացուցիչ Ռուբէն Աւագեանի հետ:
Էտուարտօ Թութուշեան– Այնչափ յուզուած եմ, արցունքներս հազիւ կը զսպեմ, կը դժուարանամ խօսելու` տեսնելով զաւակներ կորսնցուցած, վիրաւոր զինծառայողներու ծնողներու տխրամած դէմքերը…բառեր չեմ գտներ, որոնցմով կարելի է սփոփել անոնց: Գիտէինք, որ հանդիպումը, պահը այդ հերոսներու ծնողներուն հետ դիւրին պիտի չըլլար: Այդ գումարով բան չենք կրնար վերադարձնել, պարզապէս մեր համայնքը ցանկացաւ ինչ-որ կերպ օժանդակել այդ ընտանիքներուն, հնարաւորինս կիսել անոնց ցաւը:
Ռուբէն Աւագեան– Գորտոպայի մէջ մօտաւորապէս 3000 հայ կը բնակի. ունինք մեր դպրոցը, Սահակ- Մեսրոպ վարժարանը, մեր հայկական եկեղեցին, «Անդրանիկ» ակումբը, Հայ բարեգործականի ակումբը: Ես գաղութային վարչութեան փոխատենապետն եմ, նաեւ մաս կը կազմեն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, , ինչպէս նաեւ` «Անդրանիկ» կոմիտէին: Արցախի մէջ ծաւալած պատերազմական գործողութիւններուն ժամանակ բոլորս կ’ուզէինք այստեղ` Հայաստանի՛ մէջ ըլլալ, Արցախի՛ մէջ ըլլալ եւ կանգնիլ հայ ժողովուրդի կողքին: Շատ հեռու ենք, բայց հոգիով ու սրտով Հայաստանի, Արցախի հետ ենք, կը ձգտինք ինչ- ոչ կերպ օգտակար դառնալ մեր ժողովուրդին: Այդ օրերուն Գորտոպայէն 3-4 հայորդիներ եկան Հայաստան, գացին Ղարաբաղ ու կանգնեցան մեր զինուորներուն կողքին: Հիմա այստեղ ենք` հայկական համայնքի հանգանակած դրամական օժանդակութիւնը յանձնելու հերոսաբար զոհուած ու վիրաւորուած զինծառայողներու ընտանիքներու ներկայացուցիչներուն: Կ’ուզենք խոնարհիլ Հայաստանի, Արցախի սահմանները պաշտպանելուն զոհուած, վիրաւորուած եւ այսօր ալ այնտեղ ծառայող զինուորներու ծնողներուն առջեւ: Ես զոհուածներու ծնողներուն միայն մխիթարութիւն կը ցանկամ, իսկ երկրին` խաղաղութիւն: Թշնամին որքան ալ քանակով շատ ըլլայ, միեւնոյնն է, մենք հոգիով աւելի ուժեղ ենք: Հայուն յաղթել չըլլա՛ր: Մեր ազգային ոգին շա՛տ բարձր է, ուժեղ:
Կարինէ Աւագեան