Գանատահայերու Աջակցութիւնը` Սահմանապահ Զօրամասերուն
Եղբայրներ Վահան եւ Վարդան Մանուկեաններու բարեգործական նախաձեռնութեան շնորհիւ սահմանամերձ եւս երկու զօրամաս ունեցաւ գերմանական հովուաշուն ցեղախումբի քանի մը ձագեր:
Այս անգամ բարեգործական նախաձեռնութեան միացած էին նաեւ ԱՄՆ բնակող մեր քանի մը հայրենակիցներ:
Գանատաբնակ Մանուկեան եղբայրները արդէն երկրորդ տարին կ’աջակցին սահմանապահ զօրամասերուն: Խումբ մը գանատահայերու աջակցութեամբ հաւաքուած գումարով 2014 թուականի Օգոստոսին առաջին երկու հովուաշունը նուիրած էին գնդապետ Վահէ Յովսէփեանի հրամանատարութեամբ գործող զօրամասին: Առաջին օրուընէ շան ձագերը սիրուեցան եւ դարձան զօրամասի պարծանքը` ոգեւորելով եւ՛ զինուորներուն, եւ՛ հրամանատարական կազմին: 2015 թուականի տարեմուտին մեր սահմաններուն վրայ արդէն 10 ազնուացեղ սահմանապահ հովուաշուն կար: Իսկ այսօր արդէն հովուաշուներու թիւը անցած է հինգ տասնեակը:
– Արեւմտեան երկիրներու զինուած ուժերու մէջ շուները մեծապէս կ’օգնեն սահմանի անվտանգութեան ապահովման: Ցանկալի կ’ըլլար, որ հայկական բանակը եւս ունենար դիրքապահ շուներ: Ցեղատեսակի ընտրութիւնն ալ պատահական չէ. գերմանական հովուաշունը հաւասարակշռուած է, աշխոյժ, անվախ, չափազանց խելացի, ճկուն, հեշտ վարժուող եւ հաւատարիմ,- կը նշէ Վարդան Մանուկեան:
Վերջին մէկ ամսուան ընթացքին ՀՀ հիւսիսարեւելեան շրջաններուն մէջ գտնուող զօրամասերէն մէկուն յանձնուած է 11 հովուաշուն, 3 հովուաշուն ալ` ԼՂՀ սահմանամերձ զօրամասի մը: Երկուքն ալ փոխանցուած է «Արաբօ» կամաւորական ջոկատին:
Հայրենանուէր նախաձեռնութեան այս անգամ աջակցեցան նաեւ ԱՄՆ բնակող Վաչէ Նշանեանը, Փիր Փիլաւեանը, Համլէտ Չօբանեանը եւ Ֆրեզնոյի հայ համայնքը:
Վարդան Մանուկեան վստահ է, որ նախաձեռնութիւնը շարունակական պիտի ըլլայ:
Բագրատ ՄՈՎՍԷՍԵԱՆ
hayzinvor.am