ՀՀ ՍՓՅՈՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹՅՈՒՆԸ 5 ՏԱՐԵԿԱՆ Է

 Ազնուաշու´ք Տիկին Հրանոյշ Յակոբեան.

Հոգեկան անխառն ուրախութեամբ եւ սփիւռքահայու արդար հպարտութեամբ կողջունեմ Հայաստանի Հանրապետութեան 22-րդ տարեդարձին զուգահեռ՝ անոր Սփիւռքի նախարարութեան հիմնադրութեան 5-րդ տարեդարձը՝  լի հնգամեայ ազգաշէն բազմաբեղուն գործունէութեամբ, որուն ճարտարապետն ու անխոնջ ղեկավարը հանդիսացաք Դուք, ազնուափա´յլ Տիկին Յակոբեան:

Արդարեւ, աշխարհատարած տարագիր սփիւռքահայութիւնը իր գոյատեւման 90 տարիներու ընթացքին միշտ եղած է զօրավիգ հայրենի Հողին, Ժողովուրդին, Պետականութեան եւ Հայց. Առաքելական Մայր Եկեղեցւոյ խորհրդանիշ Ս. Էջմիածնի՝ մաղթելով անոնց խաղաղ եւ անամպ երկինք, անվտանգ եւ ապահով սահմաններ, առաւել՝ բարեկեցութիւն ու բարգաւաճ կեանք:

Հայրենիք-Սփիւռք փոխյարաբերութեանց ծիրէն ներս ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան հիմնումը եւ անոր ԱՄԵՆԱՀԱՍ բազմաճիւղ գործունէութիւնը՝ իրականացուած Ձեր անսպառ ճիգերով, արժանի է մեր ամբողջ սփիւռքահայութեան անվերապահ յարգանքին ու գնահատանքին: Բաղդատութեան ոչ մեկ եզր՝ նախորդ տասնամեակներու  հայրենիք-սփիւռք փոխադարձ կապերուն հետ համեմատած, եւ այս երեւոյթին իրականացման մէջ մեծ է դերը Ձեր անձնաւորութեան անցեալի եւ ներկայի հարուստ փորձառութեան եւ կարողականութեան:

Առաջին հնգամեակի այս հպարտառիթ հանգրուանին՝ Ձեզի անձնապէս ու Ձեր անձնակազմի բոլոր անդամներուն ու գործակիցներուն կը մաղթեմ քաջառողջ ու երջանիկ կեանք, որպէսզի կարելի դարձնէք իրականացումը Ձեր անկատար տենչերուն եւ անաւարտ իղձերուն: Կը վստահեցնեմ Ձեզ, ազնուափա´յլ Տիկին Յակոբեան, որ Սփիւռք եւ Հայրենիք, թէկուզ հեռու իրարմէ, կը մնան միշտ անբաժան ու միասիրտ, ինչպէս մեր Սիս ու Մասիս զոյգ կատարներն են Արարատին:

Խորագոյն սիրով ու յարգանքներով՝

Արամ Սեփեթճեան

Լիբանանահայ գրող, հրապարակագիր եւ մշակոյթի գործիչ

 

Scroll Up