Իգտիրի Մէջ Հանուած են Թուզլուճա Շրջանի Մուտքի ու Ելքի Հայերէն Գրութիւնները

Թուրքիոյ Իգտիր նահանգի Թուզլուճա (պատմ. Կողբ) շրջանի մուտքի կամարին տեղական ինքնակառավարման մարմիններու որոշմամբ` կամարի քառալեզու (հայերէն, քրտերէն, անգլերէն, թրքերէն) գրութիւններէն հեռացուած է հայերէն տարբերակը («Բարի եկաք» եւ «Ցտեսութիւն»):

Այս մասին, ըստ Ermenihaber.am-ի, կը յայտնէ թրքական պետական «Anadolu» լրատուական գործակալութիւնը:

2015 թուականի Սեպտեմբերին տեղադրուած քառալեզու գրութեան մէջ առկայ հայերէնը տեղական բնակչութեան եւ հասարակական կազմակերպութիւններուն կողմէ բուռն հակազդեցութեան արժանացած էր եւ բողոքի առիթ դարձած, որուն հետեւանքով Թուզլուճայի քաղաքապետարանը հայատառ գրութիւնը հանելու որոշում կայացուցած է:

Կամարի հայատառ գրութիւնը 2015 թուականի Հոկտեմբերին անյայտ անձերու կողմէ ենթարկուած էր վանդալիստական յարձակման, որուն հետեւանքով վնասուած էին «Ցտեսութիւն» բառին տառերը: Թուզլուճայի համաքաղաքապետ Մեհմեթ Գիւլթեքինը այդ դէպքին առիթով հանդէս եկած էր մեկնաբանութեամբ.

«Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրումէն առաջ Թուզլուճան հայկական բնակավայր եղած է: Այստեղի շատ վայրերու անունները հայերէն են: Այստեղ ապրած հայ բնակչութիւնը շրջանի կառուցման գործին մէջ մեծ աւանդ ունեցած է: Հայերէն գրութիւնը աւելցուցած ենք որպէս յարգանքի տուրք այդ ամէնուն»:

Scroll Up