Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Պատուիրակութիւնը

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապի այցի ծիրէն ներս Հայաստանի մէջ գտնուող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատուիրակութիւնը` Բերիոյ Թեմի առաջնորդ Շահան արքեպիսկոպոս Սարգիսեանի գլխաւորութեամբ:
Սուրիահայ համայնքի հոգեւոր առաջնորդը Սփիւռքի նախարարին փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա-ի օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները եւ նշեց, որ իրեն համար իւրաքանչիւր այցելութիւն Հայրենիքի վերելքի ու յաջողութեան հաւատքը կ’ամրապնդէ:
Կողմերը անդրադարձան Պապի այցին, զայն որակելով իբրեւ պատմական երեւոյթ, որ ամբողջ աշխարհի ուշադրութիւնը պիտի սեւեռէ Հայաստանին:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ Հռոմի Պապի այցը բացառիկ է իր կարգախօսով` «Ուխտագնացութիւն դէպի առաջին քրիստոնեայ երկիր» եւ աւելցուց, որ այցը առանձնայատուկ միջազգային հնչեղութիւն կ’ունենայ. քանի որ այն լուսաբանելու համար հաւատարմագրուած է 600 լրագրող:
Նախարարը խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Սփիւռքեան կառոյցներուն ու կազմակերպութիւններուն, համայնքներուն` ապրիլեան պատերազմի օրերուն եւ ատկէ յետոյ Հայրենիքի, Արցախի կողքին ըլլալու համար, այն բարոյական ու նիւթական աջակցութեան, հոգեւոր վերազարթօնքի ու միասնականութեան համար, որ ցուցաբերեց մեր ժողովուրդը:
Կողմերը անդրադարձան Հայաստան հաստատուած սուրիահայերու հիմնախնդիրներուն, ատոնց լուծման նոր հեռանկարներուն եւ մէկ անգամ եւս շեշտուեցաւ, որ եթէ սուրիահայը կը հեռանայ երկրէն` ան պէտք է ունենայ մէկ հասցէ` Հայաստանի Հանրապետութիւն: