Պարուսոյց Գագիկ Կարապետեան Պարգեւատրուեցաւ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան «Կոմիտաս» Մետալով

Յունիս 19-ին Արամ Խաչատարեան համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճանչցուած պարուսոյց, Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Գագիկ Կարապետեանի ծննդեան 65-ամեակին եւ ստեղծագործական գործունէութեան 45-ամեակին նուիրուած համերգ, որուն կը մասնակցէր ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան:

Բարձր գնահատելով Սփիւռքի մէջ հայկական մշակութային արժէքներու պահպանման ու տարածման գործին մէջ Գագիկ Կարապետեանի ունեցած ներդրումը, ստեղծագործական, կատարողական բարձր վարպետու­թիւնը, Հայաստան-Սփիւռք մշակութային կապերու ամրապնդման գործին մէջ ունեցած նշանակալի աւանդը` Գագիկ Կարապետեան պարգեւատրուեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Կոմիտաս» մետալով:

Գագիկ Կարապետեան համերգներով հանդէս եկած է աշխարհի 30 երկրի մէջ, մասնակցած  համամիութենական եւ միջազգային փառատօններու: Ազգային հիմքերով ստեղծած անոր բեմադրութիւններէն են` «Զարթօնք», «Մայրութիւն», «Արցախի», «Իշխանապար», «Ազգագրական պարեր», «Քոչարի», «Մարտապար», «Վահագնի ծնունդը» եւ այլն:

Գ. Կարապետեան համագործակցած է Նիւ Եորքի ՀԲԸՄ «Անդրանիկ», Հալէպի «Սարդարապատ», Պուէնոս Այրէսի «Գայեանէ», Մոսկուայի «Հայորդիք» պարախումբերու, Թեհրանի «Արարատ» մշակութային կեդրոնին հետ` բեմականացնելով բազմաթիւ պարեր, Սփիւռքի մէջ տարածելով եւ զարգացնելով հայկական պարարուեստը:

 

Scroll Up