Գամիշլիի Մէջ` Հայերու Եւ Ասորիներու Ցեղասպանութեան Նուիրուած Ձեռնարկին Ժամանակ Ահաբեկիչը Ինքզինքը Պայթեցուցած Է

Ծայրահեղական ահաբեկչական «Իսլամական պետութիւն» կազմակերպութեան մահապարտ ահաբեկիչը պայթեցուցած է իրեն ամրակցուած պայթուցիկ գօտին հայերու եւ ասորիներու ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցին նուիրուած կրօնական արարողութեան ժամանակ:
Almasdar News գործակալութեան փոխանցմամբ` դէպքը տեղի ունեցած է Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքին մէջ: Տեղական աղբիւրները կը փաստեն, որ կառավարական ուժերը, որոնք կ’ապահովէին ձեռնարկի անվտանգութիւնը, կանգնեցուցած են մահապարտը եւ թոյլ չեն տուած մուտք գործել արարողութեան վայր:
Մահապարատ ահաբեկիչը պայթուցիկը գործի դրած է այն ժամանակ, երբ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ եւ Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի պատրիարք Մորան Մօր Իգնատիոս Եփրեմ Երկրորդը ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցին նուիրուած յատուկ արարողութիւն կ’իրականացնէր:
Պայթիւնի հետեւանքով զոհուած է անվտանգութեան առնուազն 3 աշխատակից, տասնեակ վիրաւորներ կան: