Գամիշլիի Մէջ Ահաբեկչական Պայթում Մը Խլեց Երեք Զոհ

Գամիշլիի Գանձասարի թղթակից Մարի Մելքոն տեղեկացուց, թէ այսօր Կիրակի 19 Յունիս 2016-ի կէսօրուայ ժամը 12:00-ին, Գամիշլիի մէջ ահաբեկչական ինքնասպանական գործողութիւն մը տեղի ունեցած է։

Ահաբեկիչը քրիստոնեայ կղերի զգեստով ծպտուելով փորձած է մտնել « Մար Գաբրիէլ» սրահ, սակայն Տուրոնոյօ ջոկատի պահակախումբին կատարած խուզարկման ընթացքին, երբ յայտնաբերուած է իր ծպտուած եւ ականապատուած ըլլալը, ահաբեկիչը ինքզինք պայթեցուցած է։

Պայթումը տեղի ունեցած է Քընտի պարտէզին դիմաց, «մար Գաբրիէլ» սրահին մօտ, ուր կը գտնուէր սուրիանիներու կաթողիկոս Մար Աֆրամ երկրորդ, որ հովուական յատուկ այցելութեամբ ժամանած էր Գամիշլի։

Ներկայ տուեալներուն համաձայն արձանագրուած են 3 զոհեր և վիրաւորներ։

Նշենք, որ կաթողիկոսի այցելութեան գլխաւոր նպատակն էր բացումը կատարել սուրիանիներու Եղեռնի զոհերուն յիշատակին կառուցուած Սեֆոյի յուշարձանին, որ կը գտնուի պայթումի վայրին մօտակայքը։a

Scroll Up