Դասախօսութիւն-վիճարկում՝ Արցախի իրավիճակին շուրջ Փարիզի մէջ

Չորեքշաբթի, Յունիս 8-ին, «Անաքօ» տափանաւուն վրայ տեղի ունեցաւ «Ղարաբաղ՝ իր իրաւունքներու ժխտման ծուղակին մէ՞ջ յայտնուած» խորագրեալ դասախօսութիւն-վիճարկում մը, նուիրուած՝ Արցախի քաղաքական, իրաւաբանական եւ ռազմական իրավիճակին:
Այս դասախօսութիւնը տեղի կ՚ունենար նախաձեռնութեամբ՝ «Ինքնորոշուած Ղարաբաղին աջակցութեան հաւաքական»-ին, որ կազմուած է ի մի գալովը «Հայկական Վերածնունդ-Փարիզ», «Շարժում» եւ «Հարիւրներու խումբ» շարժումներուն: Այս հաւաքականը ստեղծուած է 2016 Ապրիլի չորսօրեայ պատերազմէն ետք: Ան արդէն Ապրիլ 30-ին կազմակերպեց երեք հաւաքներ՝ Ազէրպայճանին զէնք վաճառող հիմնական երկու երկիրներու (Ռուսաստանի եւ Իսրայէլի) Փարիզի ներկայացուցչութիւններուն, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան առջեւ:
Նախ, «Հայկական Վերածնունդ» համասփիւռքեան շարժման բանբեր Պ. Շանթ Ոսկերիչեան հայերէնով ներկայացուց այս վիճարկման նպատակը: Ինք, որ Հայաստանէն նոր կը վերադառնար, լսարանին յիշեցուց թէ Հայաստանի Ազգային ապահովութեան ծառայութեան կողմէ իր դէմ յայտարարուած՝ մէկ տարի Հայաստան մուտքի անհեթեթ արգելքը վերցուած էր, ինք շահած ըլլալով դատավարութիւնը:
Ապա, ան ներկայացուց «չորսօրեայ այդ պատերազմին աղէտալի հետեւանքները ժողովուրդին համար, ինչպէս նաեւ Հանրապետութեան նախագահին անորակելի հարցազրոյցը։ Ալիեւի հետ հանդիպումէն ետք, վերադարձի ճամբուն վրայ՝ օդանաւին մէջ Սերժ Սարգսեան յայտարարեց, թէ կորսուած տարածքները աննշան են եւ թէ անոնք, որոնք կ՚ուզեն այդ հողերը վերգրաւելով՝ վերադարձնել Հայաստանին, ազատ են, թո՛ղ ընեն»։ Ոսկերիչեան աւելցուց. «Այս խօսքերը կ՚ելլեն մէկու մը բերնէն, որու պարտականութիւնն է երաշխաւորել Արցախի բնակչութեան ապահովութիւնը։ Ի՞նչ կը մտածեն ծնողները 18-20 տարեկան այն անփորձ երիտասարդներուն, որոնք ղրկուեցան ռազմաճակատի առաջին դիրքերը։ Վասն ինչի՞ այդ 100 երիտասարդները զոհուեցան, եթէ այդ հողերը աննշան էին»։ Ան երզափակեց, ըսելով՝ «Մեր բոլոր հարցերուն աղբիւրը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ իշխող գող վարչակարգերն են։ Երբ ձերբազատինք այս ապօրինի վարչակարգերէն, ժողովրդավարական միջոցներով ընտրուած կառավարութիւններով՝ բոլոր հարցերը պիտի գտնեն իրենց լուծումը»։
Լօռան Լէյլէքեանի ելոյթը
Ապա, խօսք առաւ քաղաքական վերլուծաբան Լօռան Լէյլէքեան: Ան, նախ եւ առաջ ընդգծեց քաղաքական գետնի վրայ «Ազէրպայճանի վճռական դատապարտման կատարեալ բացակայութիւն»ը. իսկ քարոզչական առումով՝ Ազէրպայճանի «զարմանալի պարտութիւնը Ֆրանսայի, բայց նաեւ անկլեւսաքսոն աշխարհին մէջ, ուր Պաքուի ձայնը յաճախ խեղդուեցաւ Հայաստանի նպաստաւոր մեկնաբանութիւններու տարափին մէջ»։
Ինչ կը վերաբերի ներքին քաղաքականութեան վրայ ունեցած հետեւանքներուն, Լ. Լէյլէքեան շեշտեց՝ «այս կռիւներուն արձանագրուած ռազմական թերութիւնները, ինչպէս՝ տեղեկութեանց, բանակավարութեան բնագաւառներուն մէջ արձանագրուած թերացումները եւ զինուորականներու ուղղուած պարէնաւորման աղէտաբեր իւրացումներու մասին կասկածները, դեռ առանց խօսելու բարձրաստիճան զինուորականներու պաշտօնազրկման մասին»։ Ան ընդգծեց, որ այս իրադրութիւնը պատճառ դարձաւ, որ «Հայաստանի եւ Արցախի մէջ լարումը սաստկանայ, անվստահութիւնը եւ յոռետեսութիւնը աւելնայ»։
Գալով արտաքին ճակատին, Լէյլէքեան ըսաւ, որ Հայոց մօտ ընդհանուր այն համոզումը ստեղծուեցաւ, որ Ռուսաստան դաւաճանեց եւ երկդիմի քաղաքականութիւն մը կը վարէ:
Մեկնաբանելով քաղաքական ընդհանուր իրավիճակը, ան ըսաւ, թէ «ո՛չ պէտք է չափազանց ողբերգականացնել, ոչ ալ բոլորովին արհամարհել ապահովութեան գօտիի հողային կորուստները. հակառակորդն ալ կրեց կորուստներ, որոնք այսուհետեւ զայն պիտի մղեն աւելի խոհեմ ըլլալու»։ Ապա, աւելցուց. «Այն տպաւորութիւնը ունինք, որ Հայաստանի իշխանութիւնները գոհացան խոստումներով եւ վճռակամ չմնացին ինչ կը վերաբերի ԼՂՀ-ն եւս բանակցութեանց սեղան բերելու հարցին մէջ»։ Լէյլէքեան շարունակեց. «Հայաստանի կառավարութիւնը ռազմավարական գետնի վրայ գործածեց Լեռնային Ղարաբաղը միակողմանի կերպով ճանչնալու սպառնալիքը, բայց այդ հոլովոյթը աւարտին չհասցնելով՝ բոլորովին կորսնցուց իր արժանահաւատութիւնը»։
Եւ վերջապէս, Լէյլէքեան իր ելոյթի աւարտին ընդգծեց հայրենասիրական հոյակապ շարժումը որ ստեղծուեցաւ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ եւ թելադրեց «օրինակ առնել Իսրայէլէն, որ ստեղծեց վարդապետութիւն մը եւ զայն կեանքի կոչելու անհրաժեշտ լծակները, որ կը կայանայ կիները՝ ներառեալ, պահեստիներու բանակի մը ազդու կերպով օգտագործման գաղափարին մէջ։ «Քաղաքացիներու՝ իրենց սեփական ճակատագիրն ու ապահովութիւնը ստանձնելը՝ քաղաքական ընտրութիւն մըն է։ Բնակչութիւնը իր իսկ պաշտպանութեան մասնակից չդարձնելը կրնայ ապացոյցը ըլլալ իշխանութիւններու կողմէ անոր նկատմամբ անվստահութեան։ Այսինքն, Հայոց ժողովրդավարօրէն ներկայացուած ըլլալու հարց կը ծագի։ Հայկ Խանումեանի կամ Ալեք Ենիգոմշուեանի վրայ գործուած յարձակումները, ընկերա-քաղաքական իրաւունքներու անտեսումը ապացոյցն են ժողովրդավարական մշակոյթի մը ընդհանուր բացակայութեան։ Հետեւաբար, հրատապ կերպով Հայաստան եւ Ղարաբաղ պէտք է օժտուին իրենց ղեկավար դէմքերը պատրաստող քաղաքականութեամբ» եզրափակեց ան իր խօսքը:
Տիկին Էլէնա Գաբրիէլեանի ելոյթը
Ապա, խօսք առաւ RFI ձայնասփիւռի լրագրողուհի Տիկին Էլէնա Գաբրիէլեան, որ չորսօրեայ պատերազմէն ետք փութացած էր ռազմական գօտի: Ան բերաւ իր վկայութիւնները, որոնք Ֆրանս 24 հեռատեսիլի կայանէն սփռուեցան որպէս տեղեկատուական տեսանիւթ՝ Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպման օրը։ Ներկայացուց նաեւ ղարաբաղեան ճակատէն բազմաթիւ լուսանկարներ, զորս ինք նկարահանած է:
Րաֆֆի Գալֆայեանի ելոյթը
Վերջին խօսք առնողը եղաւ միջազգային իրաւաբան Րաֆֆի Գալֆայեան: Ան իր ելոյթը սկսաւ բացատրելով, թէ ի՛նչ պէտք է հասկնալ դիւանագիտական լեզուով հետեւեալ երեք տեսութիւններէն՝
ա) Հակամարտութեան խաղաղ լուծում,
բ) Ազէրպայճանի հողային ամբողջականութիւն,
գ) Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշում:
Ան ըսաւ, թէ ինք այնքան ալ չի բաժներ հայաստանեան դիւանագիտութեան այն լաւատեսութիւնը, ըստ որուն բացառուած է Ղարաբաղի վերադարձը ազէրպայճանական հովանաւորութեան տակ եւ թէ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը վաղ թէ ուշ պիտի ճանչցուի միջազգայնօրէն: «Ատոր համար, նախ եւ առաջ՝ Ռուսաստան եւ ԱՄՆ համաձայն պէտք է ըլլան» ըսաւ ան:
Արծարծեց նաեւ անջատողական տեսութեան այլընտրանքը որպէս լուծում, որ հետեւանք է Արցախի հայութիւնը բնաջնջելու մասին Ազէրպայճանի կողմէ բազմիցս արտայայտուած ցանկութեան, այդ երկրին կողմէ գործուած պատերազմական ոճիրներուն (զինուորներու գլխատում) եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներու (անզէն, խաղաղ քաղաքացիներու դէմ), ապա նաեւ՝ դարձեալ այդ երկրին քսան տարիէ ի վեր քարոզած՝ միւսին նկատմամբ ատելութեան: Ըստ Գալֆայեանի, վերոնշեալ տարրերը բաւարար հիմքեր են Լեռնային Ղարաբաղի անջատման թղթածրարը ՄԱԿ-ին ներկայացնելու համար: «Բայց ատիկա ընել կարենալու համար անհրաժեշտ է նաեւ տեղւոյն վրայ ապահովել զինուորական ուժի յարաբերութեան առաւելութիւն, ինչպէս նաեւ՝ Գերտէրութիւններու մօտ քաղաքական ուժի յարաբերութիւն» եզրափակեց Գալֆայեան:
«Սքայփ»-ի միջոցով Շուշիի առանձնակի գումարտակի ազատամարտիկներու միաւորման մէկ անդամին հետ կապ հաստատելու փորձը ձախողեցաւ թէքնիք պատճառներով: Այնուհետեւ, լսարանին հետ վիճարկում մը տեղի ունեցաւ, որու ընթացքին ներկաները յղեցին շատ հետաքրքրական հարցումներ, որոնց՝ բանախօսները տուին գոհացուցիչ պատասխաններ:
ՌՈՒԲԷՆ ՓԱՇԱՅԵԱՆ
«Նոր Յառաջ»