Փախստականներու Համաշխարհային Օրուան Նուիրուած Ձեռնարկին Կը Մասնակցին Նաեւ Սուրիահայերը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/06/Paxstakan.jpeg)
Յունիս 18-ին, ժամը` 11:00-18:00, Մարիոթ հիւրանոցի Արարատ սրահին մէջ տեղի կ’ունենայ Փախստականներու համաշխարհային օրուան նուիրուած` «Ճգնաժամի հինգ տարին. նոր կեանքի մաքառման հինգ տարին» խորագիրով ձեռնարկը, որ կը կազմակերպէ ՄԱԿ ՓԳՀ-ն Օքսֆամ կազմակերպութեան հետ համատեղ` ՄԱԿ ՓԳՀ-ի Մենք կանգնած ենք փախստականներու կողքին եւ Օքսֆամի Սուրիոյ կողքին քարոզարշաւներու ծիրէն ներս:
Ձեռնարկին բացման արարողութեան, որ տեղի կ’ունենայ ժամը 12:30-ին, ողջոյնի խօսքով հանդէս կու գան ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ՄԱԿ ՓԳՀ գրասենեակի հայաստանեան մասնաճիւղի ներկայացուցիչ Քրիստոֆ Պիրուիրթը եւ Օքսֆամ մասնաճիւղի տնօրէն Մարգարիտա Յակոբեան:
Ձեռնարկին ծիրէն ներս տեղի կ’ունենայ տեղահանուած սուրիացի գործարարներու ձեռագործ աշխատանքներու ցուցահանդէս-վաճառք եւ փախստականներու թեմատիկ լուսանկարներու-ցուցահանդէս, յիշատակի մոմավառութեան արարողութիւն:
Կը հնչեն սուրիացի տաղանդաւոր երաժիշտներու եւ ՄԱԿ ՓԳՀ ազգային հետեւորդ, վաստակաւոր արուեստագիտուհի, երգչուհի Զարուհի Բաբայեանի եւ իր Երգի արուեստանոցի սաներու կատարումները:
Ձեռնարկը կ’աւարտէ փախստականներու պատմութիւնները ամփոփող ՄԱԿ ՓԳՀ «Խաչմերուկներ» գիրքի շնորհանդէսով: Կը ցուցադրուի սուրիացի ոճաբան Գէորդ Շադոյեանի երեխաներու հագուստի հաւաքածուն: