ԿՐԹԱԹՈՇԱԿՆԵՐ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒՆ
Սուրիոյ մէջ ծաւալուած իրադարձութիւններու հետեւանքով Հայաստան ժամանած սուրիահայերու աջակցութեան ծրագիրներու ծիրէն ներս ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը, ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը համատեղ կը յայտարարեն Հայաստանի բարձրագոյն եւ միջին մասնագիտական ուսումնական հաստատութիւններէն ներս սուրիահայ ուսանողներուն 2013-2014 ուսումնական տարուան վարձավճարներու փոխհատուցման ծրագիրի մեկնարկը: Համաձայն այդ ծրագիրի` Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը, Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը եւ ՀՀ կառավարութիւնը կը փոխհատուցեն 2013-2014 տարեշրջանի ուսման վարձավճարները` իւրաքանչիւրը մինչեւ 1/3-ի չափով:
Ծրագիրի իրականացման նպատակով կազմուած է միացեալ յանձնախումբ` ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան, Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան ու «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ-ի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ: Յանձնախումբը արդէն սկսած է սուրիահայ ուսանողներու դիմումնագիրներու ուսումնասիրման աշխատանքները: Յանձնախումը կը գործէ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Հայաստանի ներկայացուցչութեան մէջ: