The New York Times-ը Հրապարակած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Համագումարի Նամակը

Ամերիկայի հայկական համագումարի (Համագումար) գործադիր տնօրէն Պրայեան Արտընին The New York Times-ի նամակ խմբագիրին բաժինին մէջ ողջունած է վերջինիս Յունիս 3-ին հրապարակած «Այո, ատիկա Ցեղասպանութիւն է» խորագիրով խմբագրականը: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Համագումարի լրատուական ծառայութենէն:

Խմբագրականը գրուած էր ի պատասխան Յունիս 2-ին Գերմանիոյ Ազգային ժողովին կողմէ  ճնշող մեծամասնութեամբ ընդունուած բանաձեւին, ուր կը յայտարարուի, որ 1915 թ. օսմանեան թուրքերու կողմէ հայերու համակարգուած կոտորածը  ցեղասպանութիւն էր:

Ամերիկայի հայկական համագումարը եւ Ամերիկայի հայ համայնքը ողջունած են Հայոց ցեղասպանութիւնը հաստատող Գերմանիոյ մէջ գրեթէ միաձայն քուէարկութիւնը:

Արրտընին գրած է.

«Այո, ատիկա ցեղասպանութիւն է» խմբագրականը (Յունիս 3) ընդգծած էր Թուրքիոյ մարտավարութեան անհեթեթութիւնը ի պատասխան Պունտեսթակի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ քննարկումներուն եւ ճնշող մեծամասնութեամբ այն Ճանաչող բանաձեւի ընդունման:

 

Մարդկութեան դէմ անցեալի յանցագործութիւններուն վրայ լոյս սփռելը միտուած չէ Թուրքիան նուաստացնելու, այլ ինքնին կարեւոր է անցեալէն դասեր քաղելու եւ ապագայ ցեղասպանութիւնները կանխելուն նպաստելու առումով:

 

Թուրքիան տասնամեակներ անընդմէջ ցեղասպանութիւնը հերքող իր արշաւը շարունակելու փոխարէն հնարաւորութիւն ունի սորվելու Գերմանիոյ օրինակէն: Գերմանիան պատշաճ կերպով ճանչցած  է Հոլոքոսթը եւ այդ առումով աւելի լաւ երկիր է: Թուրքիան կրնայ նոյնը ընել Հայոց ցեղասպանութեան պարագային:

 

 

Scroll Up