Այցելութիւն Քուէյթի Մէջ Գերմանիոյ Դեսպանատուն

Չորեքշաբթի, 15 Յունիս, 2016ին, Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերպ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպույեան, իր հետ ընկերակից ունենալով Քուէյթի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տք. Ժան Պէպէճեանն ու եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Քէհեաեանը, Այցելեց Գերմանիոյ դեսպանատուն, ուր դիմաւորուեցան Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Պրն. Էօկէն Վոլֆարթի կողմէ:
Այցելութեան նպատակն էր, հայ ժողովուրդի երախտագիտութիւնը յայտնել, 2 Յունիս 2016ին, Գերմանիոյ խորհրդարանին (Պունտսթակի)կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով որդեգրուած բծախնդիր ու բացառիկ բանաձեւին համար: Գերապատիւ Հայր Սուրբն ու պատուարժան Տօքթորը, Քուէյթի հայ համայնքի անունով շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք, յանձնեցին պաշտօնական նամակ մը, ուր բարձր գնահատուած էր, պատմական մեծ նշանակութիւն ունեցող, Գերմանիոյ այս քաջաբար առած քայլը: Ապա զրոյցի ընթացքին, Պրն. Դեսպանին հետ միատեղ, առնուած որոշումը ոչ թէ միայն հայկական ցեղասպանութեան պերճախօս վկայութիւնը համարեցին, այլեւ հաստատում մը, մարդկային իրաւանց նկատմամբ Գերմանիոյ յանձնառութեան, ապա ամբողջ աշխարհին ուղղուած պատգամ մը՝ անցեալին պատասխանատու կերպով մօտենալու անհրաժեշտութեան:
Հանդիպման ընթացքին, Գերպ. Հայր Սուրբը Պրն. Դեսպանին նուիրեց, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի «Issues & Perspectives» գրքէն օրինակ մը, ամփոփ պատմականը ընելով Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան աւելի քան 700 տարիներու պատմութեան, ապա տարագրութեան եւ ի վերջոյ Անթիլիաս հաստատուելուն:
Համեմատաբար երկար եւ սիրալիր հանդիպման աւարտին, անգամ մը եւս եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին անունով, գնահատանքի ու երախտագիտութեան ցգացումներ փոխանցուեցան, Գերման ժողովուրդին կամքը արտայայտող խորհրդարանի որդեգրած բանաձեւին, որ կը հաստատէ իրենց զօրակցութիւնը՝ ի խնդիր անարդարութեան դէմ տարուող բոլոր պայքարներուն։