ՀՀ ՍՓՅՈՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹՅՈՒՆԸ 5 ՏԱՐԵԿԱՆ Է

Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարուհի

Ազնուափայլ Տիկին Հրանոյշ Յակոբեան

Ուրախութեամբ կը տեղեկանանք, թէ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւնը բոլորածէ իր հիմնարկութեան հնգամեակը։

Սփիւռքի Նախարարութիւն…

Նախարարութիւն մը՝ որու անունն իսկ ջերմութիւն կը ցօղէ արտաշխարհի մէջ ցրուած Հայ ժողովուրդի իւրաքանչիւր անհատի սրտէն ներս, որպէս գուրգուրոտ սրտէ մը բխած գիրկընդխառն ու մի եւ միասնականութեան կանչ։

Նախարարութիւն մը՝ որ տարասփիւռ Հայ ժողովուրդին յատուկ է եւ իր նմանը չունի ողջ աշխարհի վրայ։

Նախարարութիւն մը՝որ զոհաբեր եւ գուրգուրոտ մօր մը նման, կաթոգին ջերմութեամբ իր բազուկները կը տարածէ համայն աշխարհի մէջ սփռուած հայ ժողովուրդի զաւակներուն վրայ, մշակոյթի եւ ազգային բնագաւառներէ ներս իր ծով փորձառութիւններով ուղեցոյց կ’ըլլայ անոնց եւ կը զբաղի անոնց այլազան հարցերով։

Նախարարութիւն մը՝որ սրատես աչալրջութեամբ, մղոններու հեռաւորութենէն կը հետեւի արտասահմանի իր զաւակներու առօրեայ կեանքին, կարօտագին ու հոգեգրաւ «արի տուն» կանչերով իր հարազատ սուրբ երդիքին տակ կը հրաւիրէ զանոնք, անոնց մէջ արծարծելով հայրենասիրութիւնը, հայրենիքի սրբազան շաղախով ամրացնելով անոնց միջեւ եղբայրասիրութիւնը եւ անոնց մէջ հաստատելով սէր եւ միութիւն։

Ազնուափա´յլ Տիկին Հրանոյշ Յակոբեան,

Դուք, որպէս Սփիւռքի նախարարութեան առաջին առաքեալը, մշտարթուն սիւնն ու լուսատու փարոսը, հինգ  տարի է ահաւասիկ, որ անձանձիր աշխատանքով լծուած էք այդ նուիրական գործին, լիովին արժեցնելով ձեր երկնատուր բացառիկ արժանիքները։

Ես, որպէս Հայրենիքէ հեռու, բայց հոգիով միշտ Հայրենիքիս հետ ապրող համեստ հայուհի մը, կը ցանկամ եւ կը մաղթեմ որ Ձեր շուքը անպակաս ըլլայ այս Նախարարութեան վրայէն, որովհետեւ գիտեմ, թէ որքա՜ն բարի ու ազգասիրական ցանկութիւններով է, որ կը վարէք այս Նախարարութիւնը։

Սփիւռքի Նախարարութիւնը իր անունով իսկ խորհրդանշանը կը դառնայ Հայ ժողովուրդի այն դաժան պատմութեան, որու հետեւանքով ստեղծուեր է Հայկական Սփիւռքը։ Դուք հիմա պետական մակարդակով կը գուրգուրաք այդ Սփիւռքին վրայ ու Հայոց պարտադրուած այս Սփիւռքը կը վերածէք Հայրենիքին արժէքաւոր եւ անանջատելի մէկ մասնիկին։

Սրտագին շնորհաւորութիւններ եւ լաւագոյն մաղթանքներ Ձեզի, Մեծայարգ Տիկի´ն Նախարարուհի։

Խորին յարգանքով՝

ՄԱՔՐՈՒՀԻ ՊՅԱԿՈԲԵԱՆ

(Փոխ-խմբագրապետ Պոլսոյ «Մարմարա»  օրաթերթի)

Scroll Up