Հրթիռակոծուեցաւ Հալէպի Ազգային Կիւլպէնկեան Վարժարանի Թաղամասը

Այսօր յետ միջօրէի ժամը 4:30- ին զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ հրթիռակոծեցին Հալէպի Սիւլէյմանիէ շրջանը։ Հրթիռ մը ինկաւ Ազգային Կիւլպէնկեան վարժարանին դիմացը գտնուող շէնքի մը երդիքին վրայ։ Ճեմարանի 9-րդ կարգի աշակերտները հանդէսի նախապատրաստական փորձերուն համար ժամանած էին վարժարան։
Թեթեւակիօրէն վիրաւորուեցաւ 9- րդ կարգի աշակերտ Առաքել Թերզեանը, որ անմիջապէս հիւանդանոց փոխադրուեցաւ։ Առաքելին առողջական վիճակը կայուն է։

Այս մասին կը յայտնէ Գանձասար:

Scroll Up