Քեսապի ազգային, մշակութային կեանքը նախկին պատկերը չի ներկայացներ, սակայն աստիճանաբար կը վերականգնի
Անդրադառնալով Քեսապի հայ համայնքի կեանքին՝ Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Քեսապի գործադիր մարմինի անդամ եւ բանբեր Կարօ Մանճիկեան «Գանձասար»-ին յայտնեց, որ թէեւ ազգային, մշակութային կեանքը նախկին պատկերը չի ներկայացներ, սակայն աստիճանաբար կը վերականգնի։
Հայկական վարժարանները կը գործեն, որոշ միութիւններ գործի լծուած են, ինչպէս Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի մասանճիւղերը։ Համազգայինն ու Հ․Մ․Ը․Մ․-ը վերակազմակերպման ընթացքին մէջ են։
Հայկական եկեղեցիները Քեսապի եւ գիւղերու մէջ կը գործեն, Հայ Աւետարանական եկեղեցին, որ Քեսապի գրաւման օրերուն լրջօրէն վնասուած էր կը վերանորոգուի։
Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Քեսապի Գործադիր Մարմնի աշխատանքները կը շարունակուին։ Մարմինը բարեսիրական զանազան միութիւններէ հասած սննդակողովները կազմակերպուած աշխատանքով կը տրամադրէ Քեսապի բնակչութեան։
Քեսապի պետական դպրոցն ու դարմանատունը եւս կը գործեն։