Գանատահայերը Արցախի Բանակին Կ’աջակցին Ռազմական Սարքաւորումներով

«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` keghart.com կայք-էջը կը գրէ.

Երբ  քանի մը շաբաթ առաջ  ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան  յայտարարեց, որ Սփիւռքի մէջ կը գործեն  24 հիմնադրամներ, անոր յորդորէն ետք, անոր խորհրդական Խորէն Մարդոյեան  ներկայացուց փոքր ու մեծ քարոզարշաւներու վերաբերեալ ծրագիր, որոնք միշտ պիտի աջակցին Արցախի հայերուն:

Նմանատիպ քարոզարշաւ կազմակերպած էին Հայաստանի եւ Արցախի նախկին բնակիչները, որոնք վերջին տարիներուն  բնակութիւն  հաստատած են Թորոնթոյի մէջ: Անոնցմէ է Խորէն Մարդոյեան, որ Սփիւռքի նախարարի խորհրդականն է Գանատայի մէջ: Երբ Ապրիլ ամսուն ատրպէյճանական բանակը յարձակում գործեց, Մարդոյեան կապ հաստատեց իր բոլոր ընկերներուն հետ եւ առաջարկեց օգնել Արցախի զինուած ուժերուն:

Ան հանդիպումներ ունեցաւ հայ համայնքին հետ` ստեղծուեցաւ 25-45 տարեկան տղամարդոց  խումբ մը եւ որոշուեցաւ, որ գիշերային տեսողութեան սարքերը, ջերմային տեսախցիկները եւ հեռադիտակները անհրաժեշտ կ’ըլլան Արցախի զինուորներուն: Քանի մը շաբթուան քարոզարշաւին արդիւնքով` խումբը ստեղծեց անհրաժեշտ հիմնադրամ, որպէսզի ձեռք բերէ 4 գիշերային տեսողութեան սարք, ջերմային տեսախցիկ եւ երկու հզօր հեռադիտակ: Այդ ամէնը ուղարկուած է Արցախ:

Մարդոյեան նշեց, որ հանգանակութիւնը կը շարունակուի: Երբ այս ամիս ան այցելէ Հայաստան, լրացուցիչ միջոցներ պիտի յատկացնէ վերջին օրերուն զոհուած զինծառայողներու ընտանիքներուն: Ան պիտի երթայ Արցախ եւ անձամբ պիտի յանձնէ ջերմային տեսախցիկը, հեռադիտակները եւ գիշերային տեսողութեան սարքերը  սահմանի զինուորներուն:

Միջոցներ տրամադրել ընտանիքներուն. ատիկա միայն առաջին քայլն է: Երկրորդ քայլը պիտի ըլլայ զոհուածներու  ընտանիքներուն տրամադրուող հանգանակութեան թիւը մեծցնելը:

Խումբին անդամները ամէն ամիս անձամբ պիտի նուիրաբերեն 20-30 ԱՄՆ տոլար եւ պիտի աջակցին այն ընտանիքներուն, որոնց հարազատները պատերազի դաշտին մէջ են:  Հիմնադրամը պիտի գործէ մէկ տարի:

Մարդոյեան նշեց, որ Արցախը ոչ միայն Հայաստանին կը պատկանի, այլեւ ամբողջ հայ ազգին:

Մարդիկ, որոնք կը ցանկան մասնակցիլ հանգանակութեան, կրնան կապ հաստատել Խորէն Մարդոյեանի հետ վերոնշեալ հեռախօսահամարով կամ ելետրոնային հասցէով:

Էլ.փոստ` kmardoyan@yahoo.com

Հեռ.` 647-980-9449

Scroll Up