Մխիթարեանը Խաղցած Է Եռագոյն Թեւկապով
Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականի փոխանցմամբ` Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի աւագը եւ Տորթմունտի «Պորուսիայի» յառաջատար կիսապաշտպանը անգլիական «Լիվերփուլի» դէմ խաղին խաղադաշտ դուրս եկած է Հայաստանի դրօշի գոյներով թեւկապով:
«Այս երեկոյ խաղցայ մտքերով ինկած. Կը մտածէի հայրենիքիս մասին»,- «Պորուսիա»-«Լիվերփուլ» խաղի աւարտէն յետոյ ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ գրած է Մխիթարեան` հրապարակելով լուսանկար, ուր կ’երեւի հայոց եռագոյն-թեւկապը:
Հայաստանի ազգային հաւաքականի ֆութպոլիստը նաեւ նշած է, որ «Լիվերփուլի» մարտահրաւէրը ընդունուած է, իր խումբը կը փորձէ յաջորդ շաբաթ պատասխան մրցավէճին առաւելութեան հասնելու: