Համազգայինի «Սասուն» Մասնաճիւղի «Սիտնէյ»Պարախումբի Ղեկավարը Հիւրընկալուեցաւ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ

Յունիս 6-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց  Համազգայինի «Սասուն» մասնաճիւղի «Սիտնէյ»  պարախումբի ղեկավար Հարմիկ Յակոբեանը:

 Ողջունելով  հիւրը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց Սփիւռքի մէջ ազգային մշակոյթի, աւանդոյթներու պահպանումը, երիտասարդներուն հայկական ազգային երգ ու պարին հաղորդակից դարձնելը: Նախարարը մասնաւորապէս նշեց, որ Սփիւռքի մէջ ազգային ինքնութեան, լեզուի  պահպանման, երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան նպատակով  նախարարութիւնը կ’իրականացնէ համահայկական եւ մշակութային տարբեր ծրագիրներ, որոնցմէ ամենակարեւորները «Արի տուն», «Սփիւռք» ամառնային դպրոց, «Մեր մեծերը» ծրագիրներն են, «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնը: Նախանշուեցան Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ յետագայ ընելիքները:

 Քննարկուեցան համագործակցութեան շրջանակները, նախանշուեցան կազմակերպչական  շարք մը հարցեր: Հարմիկ Յակոբեան նշեց, որ պարախումբի պարուսոյց Քոլեթ Մարտիրոսեանը այս տարի պիտի մասնակցի ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի երգի եւ պարի ուսուցիչներու դասընթացքին:

 Համազգայինի «Սասուն» մասնաճիւղի «Սիտնէյ» պարախումբը Սիտնէի մէջ կը գործէ 2000թ.-էն: Պարախումբ կը յաճախէ 6-21 տարեկան 230 պատանի ու երիտասարդ: «Սիտնէյ» պարախումբի առաջին համերգը Երեւանի մէջ կազմակերպուած է 2008թ-ին:

Scroll Up