Թամարա Ազիզեանի «Դպրոց մը անապատի մէջ» խորագիրով ցուցահանդէսը Նոր Զելանտիոյ մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/06/նոր-Զելանդիա.jpg)
Մայիս 25-ին, Օքլանտի Studio One ցուցասրահին մէջ, բացուած է Թամարա Ազիզեանի «Դպրոց մը անապատի մէջ» խորագիրով` Պաղեստինի դպրոցական երեխաներուն նուիրուած լուսանկարչական ցուցահանդէսը: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնէ Գոհար Պաստասարեան Օքլանտէն:
Դպրոցը կը ներկայանայ որպէս յոյս եւ խոստում երեխաներուն, որոնց հասարակութիւնը կը պայքարի պահպանելու իրենց ինքնութիւնը այդ տարածաշրջանին մէջ:
Ցուցահանդէսին ներկայ գտնուած են Նոր Զելանտիոյ հայ համայնքի նախագահ պրն. Նուպար Եաղուպեան եւ համայնքի ներկայացուցիչներէն , նաեւ օտար հիւրեր:
Թամարա Ազիզեան ներկայիս կը բնակի Օքլանտ, ան կ’աշխատի Maori հեռուստաընկերութեան մէջ: Ազիզեան ներգրաւուած է տարբեր անկախ վաւերագրական նախագիծերու, ինչպէս նաեւ կը պատրաստէ իր առաջին կարճամեթրաժ ֆիլմի սենարը: