«Իւրաքանչիւր Երկրի Հզօրացման Յենակէտը Զարգացած Տնտեսութիւն Ունենալն Է». Լեւոն Պլըքեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/05/1512.jpg)
Մայիս 30-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարը ընդունեց Ռամկավար ազատական կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան նորընտիր անդամները:
Վարչութեան փոխատենապետ (Սուրիայէն) Լեւոն Պլըքեան հետ զրուցած է «Հայերն այսօր»-ի թղթակիցը:
–Պարո՛ն Պլըքեան, ՌԱԿ-ը հիմնականին մէջ ի՞նչ ծրագիրներ կ’իրականացնէ Հայաստան-Սփիւռք-Արցախ եռակողմ համագործակցութեան ծիրէն ներս:
-Մենք հաւաքուեցանք այս երկու օրը եւ մեր պատգամաւորական ժողովը ըրինք, իբրեւ արդիւնք ծրագիրներ մշակեցինք` կապուած յատկապէս Հայաստանի եւ Արցախի հետ. Հայաստանի հետ կապուած յառաջիկայ ծրագիրներէն մէկն այն է, որ կազմակերպենք եւ այստեղ իրականացնենք մեր տնտեսական առաջին համաժողովը , փորձենք Հայաստանի տնտեսութեամբ հետաքրքրուած, ներդրումներ ընելու ցանկութիւն ունեցող մեր սփիւռքահայերուն ներգրաւել հայրենական տնտեսութեան ոլորտին մէջ:
Մենք աւելի շատ միտուած ենք տնտեսութեան զարգացման, որովհետեւ որեւէ երկրի հզօրացման յենակէտը զարգացած տնտեսութիւն ունենալն է: Մօտ ապագային պէտք է կազմակերպէինք համաժողովը, սակայն մէկ տարիով յետաձգեցինք, որովհետեւ Հայաստանի մէջ որոշ տնտեսական օրէնքներ նոր կ’ուսումնասիրուին եւ նոր պէտք է կազմուին, յստակեցուին: Ինչ կը վերաբերի Արցախի հետ կապուած ծրագիրներուն, նախ ըսեմ, որ այնտեղ մենք ստեղծեցինք ՌԱԿ-ի մեր կառոյցը, որուն հետ սերտ կապերու մէջ ենք, կ’ուզենք, որ փոքրիկ ներդրումներով Արցախի մէջ ալ տնտեսութեան աճ գրանցենք, որպէսզի Արցախը տնտեսապէս կայունանայ: Մեր դիտակէտին մէջ երկրի տնտեսութիւնն է, որովհետեւ տնտեսապէս կայուն եւ զարգացած երկրի ժողովուրդը չի հեռանար. հաւատացած ենք,որ տնտեսութեան զարգացումը այն կարեւոր խթանն է, որ կը ստիպէ մարդուն կառչած մնալ իր հողին, իր Հայրենիքին, եւ ատոր արդիւնքով Հայրենիքը կը բարգաւաճի:
–Ին՞չ մասնագէտ էք, պարո՛ն Պլըքեան եւ արդեօք Ձեր մասնագիտութեամբ կրնա՞ք ներդրումներ ընել Հայրենիքի մէջ` դառնալով տնտեսութեան զարգացման նուիրեալներէն մէկը:
-Մասնագիտութեամբ քիմիկոս եմ: Սուրիոյ մէջ աշխատած եմ իմ մասնագիտութեամբ: Հիմա Հայաստանի մէջ զաւակներուս հետ հագուստի արտադրութեամբ եւ վաճառքով զբաղած ենք. մենք կը ցանկանք զարկ տալ հագուստի հայրենական արտադրութեան: Ունինք մեր արտադրամասը, մեր վաճառատունը Երեւանի մէջ: Արցախի մէջ դեռեւս արտադրութիւն չենք սկսած, սակայն մեր արտադրանքը կը հասնի նաեւ Արցախ, ապագային այնտեղ եւս կը սկսինք ծաւալել մեր գործունէութիւնը: Իմ տղաս եւ աղջիկս Հայրենիքի մէջ հաստատուած են մօտաւորապէս երեքուկէս տարի առաջ, իսկ ես` գրեթէ երկու տարի առաջ: Մենք որոշեցինք այս ներդրումը ընել Հայաստանի մէջ եւ զարկ տալ հայրենական արտադրութեան. պէտք է ըսեմ, որ բաւականաչափ յաջողութիւններ ունինք եւ որոշած ենք ընդլայնել, այդ օրինակը տարածել նաեւ ուրիշներու վրայ: կը կարծեմ` կը յաջողի:
–ՌԱԿ-ը ո՞ւր առաւել մեծ գործունէութիւն կը ծաւալէ` Սփիւռքի՞թէ Հայաստանի՞ մէջ….
-ՌԱԿ-ը հիմնուած է 1921-ին , Սփիւռքի մէջ եւ տարածուած բոլոր այն գաղութներուն մէջ, ուր հայեր կ’ապրին: Հայաստանի անկախացումէն մէկ տարի անց մենք այստեղ ալ կառոյց ունեցանք: Ժամանակ մը խորհրդարանին մէջ 22 պատգամաւոր ունէինք: Անշուշտ, Հայրենիքի մէջ աշխատանքի ձեւը քիչ մը կը տարբերէր Սփիւռքէն, այդ պատճառով որոշ ժամանակ մենք չկրցանք համաքայլ երթալ այստեղի մտածողութեան հետ,սակայն հիմա շատ բան փոխուած է, եւ մենք հիմա կը փորձենք աշխատիլ աւելի կազմակերպուած, աւելի պատրաստ եւ ներդրումներ ընել:
–Պարո՛ն Պլըքեան, խօսինք ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ ունեցած համագործակցութեան մասին:
– Սփիւռքի նախարարութիւնը մեր տունն է: Մենք կրնանք մեր ունեցած մտահոգութիւններով ու խնդիրներով հաղորդակցիլ ու խորհրդակցիլ նախարարին հետ:
–Կրնա՞ք հասցնել արտադրութեան հետ կապուած գործերն ու կուսակցութեան աշխատանքները:
-Սփիւռքի մէջ, յատկապէս` Սուրիոյ, Հալէպի մէջ ապրող հայերը, իրենց ընտանեկան, աշխատանքային գործերէն բացի, միշտ զբաղուած կ’ըլլան հասարակական գործունէութեամբ: Մեր անձնական գործերը աւարտելէ յետոյ կը հաւաքուինք որոշ կեդրոններու, վայրերու մէջ եւ կը փորձենք սիրողական, անվճար ձեւով առաջ տանիլ կուսակցութեան գործերը:
–Միւս կուսակցութիւններուն հետ լաւ՞ յարաբերութիւններ ունիք:
-Այո՛, միշտ ալ համախմբուած էինք, սակայն, յատկապէս սուրիական պատերազմը սկսելէն յետոյ, բոլոր կուսակցութիւնները առաւել միասնական դարձան, առաջին օրուընէ ստեղծուեցաւ «Շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմին», ուր բոլոր կուսակցութիւններու, բարեգործականի, կղերականներու, օգնութեան խաչին հետ միասին շաբաթը 1-2 անգամ կը հաւաքուէինք` սուրիական գաղութներու օգնութեան հարցերը լուծելու: Այդպէս համախմբուած եղած ենք նաեւ Արցախի ապրիլեան պատերազմի օրերուն, նաեւ` հիմա, իսկ Արցախի մեր կառոյցի ընկերները, զէնքը ուսերուն, արդէն դիրքերու մէջ են:
Հարցազրոյցը` Կարինէ Աւագեանի