Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Գարեգին Նժդեհի Արձանի Հանդիսաւոր Բացումը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր ներկայ  գտնուած է պետական եւ ռազմական գործիչ, ազգային գաղափարախօս Գարեգին Նժդեհի արձանի բացման հանդիսաւոր արարողութեան: Այն բացուած է մայրաքաղաքի Կեդրոն վարչական շրջանին` Հանրապետութեան փողոցի վրայ գտնուող պուրակին մէջ: Քանդակագործն է Գագիկ Ստեփանեան, ճարտարապետը` Ասլան Մխիթարեան: Արձանը բացած են Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան եւ Գարեգին Նժդեհի ծոռնիկը` Արմէն Բաբայեան: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ Նախագահի մամլոյ ծառայութենէն:

ՀՀ Նախագահը ծաղիկներ  տեղադրած է արձանին եւ յարգանքի տուրք մատուցած ականաւոր գործիչի յիշատակին:

12 34 5

Scroll Up