ՀՀ Անկախութեան 22-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներ Պարսելոնայի Մէջ

Հոկտեմբեր 1-ին Պարսելոնայի` Քաթալոնիոյ Կառավարութեան Գաղթականութեան վարչութեան կողմէ տրամադրուած հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ, տեղի ունեցաւ Սպանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան եւ Քաթալոնիոյ մէջ ՀՀ պատուաւոր հիւպատոսութեան կողմէ կազմակերպուած տօնական ընդունելութիւն: Ձեռնարկին ներկայ էին տեղական իշխանութիւնները ներկայացնող բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, օտարերկրեայ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներ, կուսակցական գործիչներ, գործարարներ, հասարակական կազմակերպութիւններու, լրատուամիջոցներու եւ համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ:

 Ձեռնարկին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Քաթալոնիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուոյ հիւպատոս Խուան Սանմարտին Խիլը, շնորհաւորական ուղերձով ներկաներուն դիմեց Սպանիոյ Թագաւորութեան մօտ ՀՀ գործերու հաւատարմատար Խորէն Տէրտէրեան: Ելոյթ ունեցան նաեւ Քաթալոնիոյ Կառավարութեան արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով տնօրէն տիկին Էլենա Նյեթօն եւ Գաղթականութեան հարցերով գլխաւոր տնօրէն պարոն Խաւիեր Բոչը: Տուրք տալով hայ ազգի հերոսական պատմութեան եւ հարուստ մշակութային ժառանգութեան` պաշտօնեաներն ընդգծեցին Սպանիոյ խոշորագոյն նահանգին մէջ բնակող հազարաւոր հայերու աշխատասիրութիւնը, օրինապահութիւնը, աշխուժութիւնը հասարակական կեանքին մէջ:

               Ձեռնարկին ցուցադրուեցաւ «Նոյի երկիր` Հայատան» վաւերագրական տեսանիւթը: Հանդէսը եզրափակուեցաւ Քաթալոնիոյ մէջ ՀՀ պատուաւոր հիւպատոսութեան կողմէ տրուած հիւրասիրութեամբ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն:

Scroll Up