Շուէտի ՄԷջ Մեր Աշխատանքներուն Շնորհիւ Այդ Երկիրը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը. Կարէն Օհանջանեան

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Շուէտի տեղական մարմինը դրամահաւաք կ’իրականացնէ` Արցախին օգնելու նպատակով: Հաւաքուած գումարները հիմնականին մէջ պիտի ուղղուին բժշկական սարքաւորումներու ձեռքբերման: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին հետ զրոյցին նշած է հիմնադրամի Շուէտի տեղական մարմնի ատենապետ Կարէն Օհանջանեան:
Բացի ֆինանսական աջակցութենէն, կառոյցը նաեւ քաղաքական աշխատանքներ կը տանի: Կարէն Օհանջանեանի խօսքով` իրենց ջանքերուն շնորհիւ էր, որ 2006 թուականին Շուէտը միաձայն ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Բացի այդ, աշխատանքներ կը տարուին նաեւ երկու երկիրներու միջեւ համագործակցութիւնը զարգացնելու ուղղութեամբ: Ուշադրութեան կեդրոնին մէջ են յատկապէս տնտեսութիւնն ու մշակոյթը: