Երեք պատմութիւն` Հայաստանի Մէջ Հաստատուած Սուրիահայերու Մասին

«Հայերն այսօր»-ը կը ներկայացնէ «Նոր հեռանկարներ սուրիահայերու համար» ցուցահանդէսին մասնակցած սուրիահայերու երեք պատմութիւններ:
Լեւոն Քէոշկերեան արծաթագործ է: Արհեստը սորված է Հալէպի մէջ ճանչցուած արծաթագործ Յովհաննէս Քալանթերեանէն, որուն մօտ փոքր տարիքէն աշխատած է:
Լեւոն Հալէպի մէջ առանձին արտադրամաս ունեցած է, ուր տարբեր` մեծուփոքր արծաթեայ իրեր  պատրաստած է: Պատերազմական օրերուն անոր աշխատանքներուն մեծ մասը գողցած են, մէկ մասն ալ տան կամ խանութի փլատակներուն տակ  մնացած է:
Լեւոն ձեռքի տակ մնացած իրերով եկած է Հայաստան, որոնք այժմ Վերնիսաժի մէջ  կը վաճառէ: Գնորդները Լեւոնին մօտէն կրնան ձեռք բերել ապասք, բաժակներ, մոմակալներ, ափսէներ, ապարանջաններ, թեւնոցներ, ականջօղեր եւ այլ իրեր: Նաեւ մասնաւոր պատուէրներ կ’ընդունի:
Արծաթագործը քիչ մը դժգոհ է վաճառքէն, սակայն կ’ըսէ, որ ժամանակի ընթացքին ամէն ինչ կամաց-կամաց կը կարգաւորուի, միայն պէտք է համբերել: Կը կարծէ` աշխատանքի բարեյաջող ըլլալը կախուած է նաեւ նմանօրինակ նախաձեռնութիւններուն մասնակցելէն:
Պարբերաբար մասնակցած է նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուող ցուցահանդէս-տօնավաճառներուն: Ան այն կարծիքին է, որ ցուցահանդէս-տօնավաճառներուն մասնակցելէ յետոյ իրենց առջեւ նոր հեռանկարներ կը բացուին:
Լեւոն Քէոշկերեան  գաղափար մը ունի. Կը ցանկայ նոր սերունդին համար խմբակ բանալ, ուր անոնք այցելելով` կը կարենան հմտանալ արծաթագործութեան մէջ եւ ապագային լաւ մասնագէտներ դառնալ:

Կարապետ Փաճաքեան մեքենաներու ջուրի փոմփերու վերանորոգութեամբ  կը զբաղի, բացի սովետական տարիներու արտադրութեան մեքենաներէն: Նաեւ փոմփի սարքաւորումներ կ’արտադրէ: Կան գործիքի մասեր, որոնք կը ներմուծէ Ճափոնէն եւ Գերմանիայէն: Հալէպի մէջ քսան տարիէ աւելի այս աշխատանքը  կատարած է:
Հայաստանի մէջ երեք տարուան աշխատանքին ընթացքին որոշ խոչընդոտներու առջեւ  կանգնած է, որոնք յաղթահարելով` առաջ կ’ընթանայ:
Մարդոց հետ արդէն բարեկամական ջերմ յարաբերութիւններ  ձեւաւորած է: Կապը բոլորին հետ կը փորձէ պահպանել, նոյնիսկ արդէն մշտական յաճախորդներ ունի:
Կարապետը այժմ կ’աշխատի հնարաւորինս շատ նոր ապրանքատեսակներ ձեռք բերելու, որոնք ալ կը կարծէ` շուկային մէջ արագ կը սպառին: Առաջին անգամ կը մասնակցի տօնավաճառ-ցուցահանդէսի եւ դրական տպաւորութիւններ ստացած է: Կը վստահեցնէ` յաջորդ անգամ արդէն հարուստ տեսականիով կը ներկայանայ ցուցահանդէսներուն:

Ներսէս Քէլքէյեան Հայաստանի մէջ գունաւոր մետաղներու ձուլմամբ եւ փլասթիքէ կաղապարներու պատրաստմամբ կը զբաղի: Այս արհեստը հօրմէ  ժառանգած է, որ ձուլագործ եղած է:
Ներսէս Քէլքէյեան Հայաստանի մէջ բացած է «Նենօ» ՍՊԸ-ն, որ Գարեգին Նժդեհ 48/1 հասցէին կը  գտնուի: Հալէպի մէջ նոյնպէս 35 տարի մեքենաներու մասեր  արտադրած է, որոնք վաճառելու նպատակով արաբական երկիրներ  ուղարկած են: Այնտեղ աշխատանքը շատ լաւ  եղած է, բողոքելու առիթ չեն ունեցած:

Գէորգ Չիչեան

Scroll Up