Ցեղասպանութենէն Վերապրածներու Վկայութիւնները Կը Թարգմանուին Անգլերէնի

Հարաւային Գալիֆորնիոյ համալսարանի Շոահ հիմնադրամի Հայոց ցեղասպանութեան հաւաքածուն պիտի  թարգմանուի անգլերէնի: Այսուհետ` աւելի շատ գիտնականներ, ուսանողներ եւ քաղաքացիներ կրնան ծանօթանալ ցեղասպանութենէն փրկուածներու վկայութիւններուն, armradio.am-ի փոխանցմամբ` ըսուած է հիմնադրամի կայքէջին վրայ տեղադրուած հաղորդագրութեան մէջ:

Հայոց ցեղասպանութեան հաւաքածուն առաջին անգամ ցուցադրուած է Միքայէլ Յակոբեանի փաստագրական արձանագրութեան մէջ` 1968-2005թթ:

2016-ի աշնան, Վիզուալ պատմութեան արխիւի  այցելուները հնարաւորութիւն կ’ունենան տեսնելու Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող ենթավերնագիրներով վկայութիւնները , որոնք դեռ չեն թարգմանուած անգլերէնի: Պատճէնները կը տրամադրուին աւելի ուշ` Հարաւային Գալիֆորնիոյ համալսարանի Շոահ հիմնադրամին կողմէն, որ կը համագործակցի ProQuest-ի հետ:

Հաւաքածուի ծրագրային մասնագէտ Մանուկ Աւետիքեան ըսած է, որ թարգմանութիւններուն ժամանակ  բարդութիւններ կրնան յառաջանալ, երբ հարցազրոյցի մասնակիցները խօսին հազուադէպ հնչող հայերէն  բարբառներով կամ օգտագործեն թրքերէն  բառեր, որոնք անծանօթ կ’ըլլան թարգմանիչներուն: Սակայն, ըստ անոր, այս խնդիրը եւս լուծելի է:

Աւետիքեան նաեւ նշած է, որ իրենց մայրենի լեզուով տրուող վկայութիւնները ունին նրբերանգներ, որոնք անգլերէնին մէջ չկան: Ներկայ պահուն հասանելի են Վիզուալ պատմութեան արխիւի Հայոց ցեղասպանութեան հաւաքածուին մէջ պահուող աւելի քան 245 վկայութիւններ:

Scroll Up