Ազգային Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/05/16-1-6.jpg)
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանին, նախագահութեամբ Հալէպի կըրթական տնօրէնին, ներկայութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Մարմիններուն, Ազգային վարժարաններու տնօրէններուն եւ հանդիսատեսներուն, Կիրակի, 15 Մայիս 2016-ին, «Գ.Եսայեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Ազգային Մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը:
Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Սուրիոյ եւ ՀՀ զոյգ քայլերգներով, ապա բեմին վրայ շողշողացին յիսուներեք շրջանաւարտները, որոնք խնդութեամբ, թափով ու եռանդով յոյս ներշնչեցին ներկաներուն: Աշակերտները փունջ մը հայրենասիրական, ազգային եւ այլ երգերով խանդավառ մըթնոլորտ ստեղծեցին սրահին մէջ: Հանդիսատեսները միասնաբար վայելեցին ծաղկաւէտ բուրաստանէն բուրող մէյ մէկ ծաղիկի բոյրն ու գոյնը:
Ազգային Մանկապարտէզի տնօրէնուհի Թագի Քէհէեան-Տողրամաճեան ներկաները ողջունելէ ետք ըսաւ. «Հասարակութիւնը դարերու ընթացքին ստեղծած է նիւթական եւ մշակութային արժէքներ, որոնց շարքին իր ուրոյն տեղը կը գրաւէ ազգի ապագան բնորոշող ազգային դպրոցն ու մանկավարժութիւնը: Առանձնայատուկ մասնագիտութիւն է մանկավարժութիւնը, որ անտեսանելի, նուրբ ու գերզգայուն տարրերով կը կապէ ուսուցիչը աշակերտներուն: Ան է, որ կը ձեւաւորէ ապագայ պիտանի մարդը, տիպար քաղաքացին եւ փորձառու ազգայինը: Ազգային ինքնութիւնը ընդգծող ազգային մանկապարտէզներու եւ դըպրոցներու դերը մեծ եղած է ողջ Սփիւռքի տարածքին, յատկապէս յետեղեռնեան շրջանին: Օրուան ազգայիններուն վստահուած էր, ոչ միայն հայապահպանման գործը յառաջ տանիլ, այլ քայլ պահել տեղայնական պայմաններուն եւ ազգային ծրագիրները համատեղել տեղական պահանջքներուն: Հակառակ Սուրիոյ տարիներու վրայ երկարող տագնապին, Ազգային Մանկապարտէզը, Ազգային վարժարաններն ու Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանը եւ այլ հայկական վարժարաններ կը շարունակեն իրենց սրբազան առաքելութիւնը ի գին մեծ զոհողութիւններու եւ ծառայութիւններու, հաւատալով, որ խաղաղութեան լոյսը վաղ թէ ուշ պիտի շողշողայ Սուրիոյ երկնակամարին վրայ»:
Փոքրիկները երեք տարիներ առաջ դողդոջ քայլերով, իրենց ծնողներու ընկերակցութեամբ ուղղուեցան մանկապարտէզ: Երեք տարիներու վրայ երկարող աշխատանքի արգասիքն էր հանդէսը: Անոնք արդէն պատրաստ էին թեւակոխելու նոր հանգրուան մը ու խրոխտ քայլերով եւ հաստատակամ նայուածքներով բեմ բարձրացան ներկայացնելու իրենց վստահուած յայտագիրը: 2005-2006 տարեշրջանէն սկսեալ աւանդութիւն դարձած է, որպէս հանդէսի նիւթ` ներկայացնել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հռչակագիրը: Ուստի փոքրիկները անդրադարձան 2015-2016 տարեշրջանին Վեհափառ Հայրապետին կողմէ հռչակուած «Ծառայութեան Տարուան», ապա նաեւ պահանջատիրական մեր երթի խորքին ու կարեւորութեան, եւ վերջապէս հայրենասիրական ջերմ արտայայտութիւններով իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Սուրիական Հայրենիքին, Մայր Հայաստանին եւ Արցախին:
Հանդիսական այսպիսի օրերուն մեր աչքին առջեւ կ՛ուրուագծուին իւրաքանչիւրիս մանկական յուշերը, որոնք նոր կեանք կ՛առնեն ու կը յուշեն մեզի աշխարհին ու կեանքին նայիլ մանկան մաքուր աչքերով` թօթափելով մեր բոլոր մտահոգութիւնները:
Արդ, փոքրիկ շրջանաւարտները հայկական, արաբական պարերով գունաւորեցին բեմահարթակը տուեալ պարին համապատասխան տարազներով եւ ներդաշնակ շարժուձեւերով:
Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխում սրբազան հօր ձեռամբ: Փոքրիկ շրջանաւարտները հայկական այս երդիքին տակ հասակ առնելով վկայուեցան ու դարձան պաշտպանները մայրենի լեզուին:
Հուսկ, սրբազան հայրը գնահատական խօսք ուղղեց տնօրէնութեան, ուսուցչակազմին եւ բոլոր անոնց, որոնք ներդրում ունեցան սոյն հանդիսութեան յաջողութեան մէջ: Սրբազան հայրը ըսաւ. «Այս փոքրիկները երեք տարուան ընթացքին Ազգային Մանկապարտէզէն ներս սորվեցան երգել, արտասանել շքեղ կերպով եւ լաւագոյն ձեւով դրսեւորել իրենց սորվածները, դաստիարակուեցան ազգային ապրումով, սուրիացի քաղաքացիի գիտակցութեամբ եւ մեր բոլորին վկայեցին, որ իրենք փոքր չեն այլեւս»: Շարունակելով Տ. Շահան ըսաւ. «Անոնք ձեր եւ մեր յոյսն են, իսկ դուք Ազգային Մանկապարտէզը, տնօրէնութիւնը, պատասխանատուները, ազգային մարմինները, դաստիարակներն ու ուսուցչակազմը անոնց լոյսն էք, բոլորիս լոյսը մեր տէր Աստուածն է»: Ապա ողջունեց ներկաները, որոնք վստահութեամբ իրենց զաւակները առաջնորդեցին դէպի Ազգային Մանկապարտէզ, որ կարողացաւ պատերազմին, տագնապին ու զանազան տնտեսական, ընկերային եւ այլ վերիվայրումներով հաստատաքայլ ընթանալ այն ճանապարհին մէջ, որ մեր ժողովուրդի երազներու իրականացման, Հայաստանի, Արցախի, ազատ անկախ միացեալ Հայրենիքի, Սուրիական Հայրենիքի ազատութեան ու խաղաղութեան տանող ճանապարհն է:
Սրբազան հայրը «Պահպանիչ»ով փակեց հանդիսութիւնը:
Լուսին Ապաճեան-Չիլաբոշեան
Գանձասար