«Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական»ի Աշակերտները Կը Մասնակցին Ապրիլեան Ոգեկոչման Ձեռնարկներու
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/05/0000KZV-geno2.jpg)
Կիրակի, Ապրիլ 24ին, Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանի 3-8 կարգերու աշակերտները մասնակցեցան Սան Ֆրանսիսքոյի եւ շրջանի հայութեան Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման աւանդական ձեռնարկին, որ ամէն տարի տեղի կ՛ունանայ Տէյվիտսըն լերան գագաթի խաչին առջեւ։
Մինչ Աշակերտական խորհուրդի ներկայացուցիչներ Լորի Պալեան եւ Եւա Օսքանեան մասնակցեցան ծաղկեպսակ զետեղելու արարողութեան, 4րդ եւ 5րդ կարգի աշակերտները արտասանեցին Յովհաննէս Շիրազի «Կտակ»ը, իսկ 3-5րդ կարգի աշակերտները կատարեցին «Աղբերս ու ես» երգը։ Ապա միջնակարգի աշակերտները արտասանեցին Ժագ Յակոբեանի «Մենք»ը։
Իբրեւ ոգեկոչման այլ նախաձեռնութիւն եւ աշակերտները կարիքաւորներուն օժանդակելու մղելու նպատակով, վարժարանի 7րդ եւ 8րդ կարգի աշակերտները կամաւոր սպասարկութիւն մատուցեցին կարիքաւորներու ուտեստեղէն տրամադրող Սան Ֆրանսիսքոյի «Ուտեստեղէնի մառան»ին։