Այց Առաջին Քրիստոնեայ Երկիր. Յայտնի են Հռոմի Պապի Այցի Կարգախօսն ու Տարբերանշանը
Հաստատուած են Յունիս 24-ին Հռոմի Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապի Հայաստանի Հանրապետութիւն այցի կարգախօսը եւ տարբերանշանը` համապատասխան նկարագրութեամբ:
Կարգախօսն է` «Այց առաջին քրիստոնեայ երկիր»: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն:
Տարբերանշանը շրջանաձեւ է: Տարբերանշանին կեդրոնին Խոր Վիրապի վանքի եւ բիբլիական Արարատ լերան պատկերն է: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը շուրջ 14 տարի բանտարկուած եղած է Արտաշատի վիրապին մէջ, որուն վրայ յետագային կառուցուած է վանքը: Այնուհետ Սուրբ Գրիգորը դարձաւ հայոց ազգի առաջին Հայրապետը, եւ Տրդատ Գ Մեծ թագաւորի հետ համատեղ ջանքերով քրիստոնէութիւնը Հայաստանի մէջ հռչակուեցաւ պետական կրօն:
Տարբերանշանի գոյներն են մանուշակագոյնը եւ դեղինը, որոնք կ՛արտացոլեն Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ Հռոմի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պաշտօնական գոյները: Տարբերանշանին մէջ նաեւ ներառուած են երկու եկեղեցիներու զինանշանները:
Շրջանակի երկայնքով գրութիւնը կ՛արտացոլէ բուն այցը` «Ֆրանցիսկոս Պապ. Հայաստան. 24-26 Յունիս, 2016»: