Հրթիռարձակուներու Տակ Շնորհաւորական Ընդունելութիւն Ի Պատիւ Սուրիոյ Խորհրդարանի Նորընտիր Երեսփոխան Տիար Ժիրայր Րէիսեանի
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/05/Ռեիսյան3.jpg)
Հովանաւորութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Իշխանութեան հրաւէրով երկուշաբթի, 16 մայիս 2016-ի, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ԱՄԺՏան «Անի» ճաշասրահէն ներս տեղի ունեցաւ Շնորհաւորական ընդունելութիւն ի պատիւ Սուրիոյ Խորհրդարանի նորընտիր երեսփոխան տիար Ժիրայր Րէիսեանի: Այս մասին կը յայտնէ PERIO NEWS :
Շնորհաւորական ընդունելութեան ներկայ էր Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանը, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Իշխանութիւնը, Ազգ. երեսփոխանական ժողովի եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Կրօնական Ժողովի անդամներ, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկհ. Աննա Տէր Յակոբեանը, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, մշակութային, հայրենակցական, բարեսիրական, մարզական միութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ պետական եւ զինւորական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ:
Նշենք, թէ երբ մէկ կողմէ Շնորհաւորական ընդունելութիւնը տեղի կ՛ունենար, միւս կողմէ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ կը հրթիռակոծէին Հալէպի Վիլլաներ թաղամասը: